Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ առեւտուրի գրասենեակի միութեան նախագահ Հասան պըն Մուճապ ալ-Հուէյզի հանդիպում ունեցաւ սուրիական առեւտուրի գրասենեակի միութեան նախագահ Մուհամմէտ ապուլ Հուտա Լահհամին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։ Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութեան համաձայն, կողմերը համաձայնեցան երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութիւնը վերաշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ ներդրումային գործունէութեան թափ տալու։