Չորեքշաբթի, 14 Յունիս 2023-ին, զինուորական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ առաւօտեան ժամը 1:05-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Կոլանէն Դամասկոսի հարաւարեւմտեան բաժինին ուղղութեամբ։ Սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։ Յարձակումին հետեւանքով զինուոր մը վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։