«Արմէնփրէս».-Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կրկին ապատեղեկատուութիւն տարածած է:
«Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ ՀՀ Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները տեղւոյն 10:45-ին կրակ բացած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, կրկին ապատեղեկատուութիւն է:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տեղեկատուական հիմք կը ստեղծէ հերթական սադրանքի համար», ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: