Ձերբակալուած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան։

Բացայայտ է եւ աներկբայ, որ Արմէն Աշոտեան քաղաքական հալածեալ է, իսկ գործող իրաւապահ համակարգը իրականացուցած է օրուան դրութեան քաղաքական պատուէրը:

Կատարուածը Հայաստանում օրեցօր խորացող բռնաճնշումների, ընդդիմադիրներին լռեցնելու, երկրում տիրող վախի և յուսահատութեան մթնոլորտը խորացնելու նպատակ է հետապնդում:

Սա իշխանութիւններուն` յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնններուն առջեւ ծառացած գոյութենական սպառնալիքներէն հանրութիւնը շեղելու եւ սեփական դիրքերը ամրապնդելու հերթական սին քայլն է:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը դատապարտէ ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի նկատմամբ իրականացուող քաղաքական հետապնդումը եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ երկրին մէջ խորացող հակաժողովրդավարական եւ հակաիրաւական այս ընթացքին վրայ։

Ընդդիմադիր սկզբունքային գործիչներու արդար ընդվզումը հնազանդեցնելու բոլոր քայլերը կարճատես են եւ դատապարտուած։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

16 Յունիս 2023