Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու յայտարարութիւնը.

«2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովի 20 Յունիսի նիստին Նիկոլ Փաշինեանին՝ նախապէս ազդարարուած մասնակցութեան եւ հրապարակային ցուցմունք տալու նախաձեռնութեան առիթով, վերաշարադրելով ընդդիմութեան նախապէս հրապարակած դիրքորոշման փաստարկները, կը վերահաստատենք.

1. Քննիչ յանձնաժողովի ձեւաւորումը ինքնին իշխանական մեծամասնութեան կողմէն չի կրնար ապահովել անաչառութիւն, համապարփակութիւն, քանի որ իշխող ուժին՝ ճնշող մեծամասնութիւն ունեցող յանձնաժողովը ի զօրու չէ առարկայական քննելու սեփական իշխանութեան, կառավարութեան գործունէութիւնը։

2. Քննիչ յանձնաժողովները ձեւաւորուած են եւ կը ձեւաւորուին կամ ընդդիմութեան, կամ խնդրոյ առարկայ հարցին շուրջ շահերու բախում չունեցող ուժի կողմէն, ինչպէս եղաւ Ապրիլեան քառօրեայի հանգամանքները ուսումնասիրելու պարագային։ Իշխանութիւնը քննութիւն կատարելու համար ունի վարչական, իրաւական, դատական բոլոր գործիքներն ու կարելիութիւնները։

3. Համապարփակ, ամբողջական եւ հանրային վստահութիւն ունեցող, Ազգային ժողովէն դուրս, համախոհութեամբ եւ համաչափութեամբ յանձնաժողով ձեւաւորելու համար ընդդիմութիւնը հադէս եկած էր նոր որակի եւ կառուցուածքի քննիչ յանձնաժողով ձեւաւորելու նպատակով օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, որ մերժուեցաւ իշխանութիւններուն կողմէն։

4. Նախապէս յայտարարուած Փաշինեանի հրապարակային, ուղիղ եթերով ցուցմունք տալու նախաձեռնութիւնը, որեւէ ձեւով չէ նպաստած 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրելու, քանի որ հրապարակային վկայութիւններու պարագային, անհնար պիտի ըլլայ պետական, զինուորական, դիւանագիտական գաղտնի տեղեկութիւններուն հրապարակումը, կամ անոնց շուրջ հարցադրումներու ներկայացումը։

5. Փաշինեանի հրապարակային ցուցմունք տալու նախաձեռնութիւնը, շտապողականութիւնը պայմանաւորուած է քաղաքական շահարկումներու նպատակով ձեւաւորուած եւ ժամկէտները երկարաձգած քննիչ յանձնաժողովի գործունէութեան ժամկէտի աւարտով եւ պիտի ծառայէ իշխանութեան, քաղաքական մեծամասնութեան ու անձամբ Փաշինեանի վրայէն քաղաքական պատասխանատուութիւնը հեռացնելու նպատակին։

6. Մէկ հարցաքննուողի համար բացառութիւն ընելու պարագային քննիչ յանձնաժողովը հաւասարութեան համար պարտաւոր է հրապարակել բոլոր հարցաքննութեան ենթարկուածներու ցուցմունքներն ու պատասխանները։ Հակառակ պարագային կը ստեղծուին անհաւասար պայմաններ եւ քննիչ յանձնաժողովը պիտի ըլլայ Փաշինյանի քաղաքական թիրախաւորումներու, «մեղաւորներ» նշանակելու հարթակ։

Առ այդ, այս եւ նախապէս հրապարակուած մեր հիմնաւորումներուն, ինչպէս նաեւ նախապէս քննիչ յանձնաժողովի նիստերուն պատգամաւորներու կողմէն հարցեր տալու ծաւալներու սահմանափակումներու, իշխանութեան եւ անձամբ Փաշինեանի կողմէն հետեւողականօրէն իր վրայէն պատասխանատուութիւնը նետելու, պարբերաբար տարատեսակ մեղաւորներ կարգելու գործելաոճը նկատի առնելով, ընդդիմադիր պատգամաւորները չեն մասնակցիր այդ շոուին։

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւն

ԱԺ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւն

19.06.2023»