Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի Ընկերվարական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Եանեք Պոլեթի հետ։ Հանդիպումին մասնակցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը։

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Եւրոպայի Ընկերվարներու Կուսակցութեան եւ իբրեւ դիտորդ անդամակցող ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու մասին։

Իշխան Սաղաթէլեան հանգամանօրէն ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած անվտանգային եւ մարդկային իրավիճակը, Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումը եւ միջազգային գործընկերներէն ակնկալած աւելի հասցէական ու գործնական արձագանգ։

Յառաջիկայ երկու օրերուն Իշխան Սաղաթէլեանի աշխատանքային այցելութիւնը պիտի շարունակուի Եւրոպական Խորհրդարան։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի
Հանրային Կապերու Գրասենեակ

03.07.2023 թ.