ՄՍԸՐԼԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ
ԵՒ ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ

Սիրելիներ,

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ մահը՝ հաւատաւոր դաշնակցական, ՀՅԴ Լիբանանի իրերայաջորդ կեդրոնական կոմիտէներու անդամ, Պուրճ համուտի երկարամեայ քաղաքապետ, Համազգայինի իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւններու անդամ, «Արցախ Ֆոնտ»-ի վարչութիւններու անդամ, ՀՕՄ-ի մնայուն գործակից, ՀՄԸՄ-ական եւ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական յանձնախումբերու իր գործօն մասնակցութիւնը բերած, ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆ-ի։

Վարձքը կատա՛ր ընկերոջ եւ լոյս՝ իր հոգիին։

Վշտակցաբար՝
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ