Երէկ առաւօտ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի նախկին անդամ, 3 ժամանակաշրջանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետի պաշտօնը վարած եւ մեր համայնքի կեանքին մէջ օգտաշատ ներկայութիւն եղած Անդրանիկ Մսըրլեան:

Անդրանիկ Մսըրլեան լիբանանեան պատերազմի իրերայաջորդ փուլերուն անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի տարբեր կազմերուն` ձեռնհասօրէն վարելով գանձապահի պաշտօնը:

Անդրանիկ Մսըրլեանի անուան հետ անմիջականօրէն կապուած են երիտասարդական, միութենական, համայնքապատկան կազմակերպութիւններու հիմնադրութիւնը եւ շինարարական ծրագիրներու իրականացումը:

Անդրանիկ Մսըրլեանի մահով լիբանանահայութիւնը կը կորսնցնէ Դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ծառայութեան լծուած կուսակցական-հասարակական վաստակաշատ գործիչ մը: