Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA) կոչ ուղղած է Disney-ին չեղարկելու ժամանակակից թրքական պետութեան հիմնադիր հօր՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կեանքին առնչուող ֆիլմաշարը: ANCA-ն մեղադրած է Disney-ն «բռնապետին ու մարդասպանին» հերոսացնելու յանցանքով:
Ֆիլմաշարի առաջին ցուցադրութիւնը նախատեսուած է այս տարուան 29 Հոկտեմբերին, որ կը համընկնի Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին հետ: Disney-ն որեւէ ցուցմունք չէ տուած՝ քննարկելու ֆիլմաշարը չեղարկելու հարցը:
«Մենք կոչ կ’ուղղենք @DisneyPlus-ին չեղարկելու ֆիլմաշարը, որ կը փառաբանէ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը՝ թուրք բռնապետն ու մարդասպանը, որ իր ձեռքերուն ունի միլիոնաւոր յոյներու, հայերու, ասորիներու, քաղդէացիներու, սուրիացիներու, արամացիներու, մարոնիներու եւ այլ քրիստոնեայ նահատակներու արիւնը», թուիթըրի վրայ գրած է ANCA-ն: