Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու խօսքերով արտայայտած սկզբունքները թուղթին պէտք է փոխանցուի, այդ մասին 11 Յուլիսին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

«Եթէ նախորդ տարի [Հայաստանը] ընդունած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ապա ընթացիկ տարուան մէջ պաշտօնապէս ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքի փարամեթրերը՝ Ղարաբաղն ու միջգաւառային գիւղերը», յայտարարած է Ալիեւը՝ ելոյթ ունենալով 2023-ի առաջին կիսամեակի ընկերային-տնտեսական արդիւնքները ամփոփող խորհրդաժողովին:

Ատրպէյճանի նախագահը խաղաղութեան պայմանագիրին կնքումը միջազգային իրաւունքի առնչութեամբ դիտարկած եւ ակնկալած է, որ հայկական կողմն ալ պատասխանէ փոխադարձաբար․ «Այնուամենայնիւ, ամէն ինչ չէ, որ Ատրպէյճանէն կախեալ է, դիմացի կողմն ալ պէտք է անոր պատրաստ ըլլայ եւ խօսքերով արտայայտած սկզբունքները թուղթին փոխանցէ»,- ըսած է ան։

«Վերջին բանակցութիւններուն եւ մէկ քանի օր յետոյ սպասուող բարձր մակարդակի շփումներուն նպատակը մէկն է, որպեսզի մենք խաղաղութեան համաձայնագիրին աւելի մօտենանք», յայտարարած է Ալիեւ։
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հերթական հանդիպումը կը սպասուի 21 Յուլիսին Պրիւքսելի մէջ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 Յուլիսին կառավարութեան նիստին յայտարարած է, որ խաղաղութեան փաստաթուղթի բնաբանը տակաւին պատրաստ չէ:

Նախորդ անգամ հայկական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները բանակցած են 27_29 Յունիսին Միացեալ Նահանգներուն մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: