– Գոնէ Շուշի՛ն չտային,- կ’ըսեմ ու կը կրկնեմ բարկութեամբ, ցաւով, անկարողութեան ճնշիչ համոզումով, բարկութենէս խենթանալով,- գոնէ Շուշին մնար մեզի …
Ասիկա եւ 1400 հայկական անձնագիր բաժնուած հայերէն գիտցող ազերիներուն. բաժնողն ալ անշուշտ որ հայ մը, զօրավար է, ինչ է չեմ գիտեր. սա մարդը գիշերը կրնա՞յ քնանալ. ա՛յս ալ չեմ գիտեր: Ա՛յս մէկը գոնէ սատկի:
Ինչպէ՞ս կը դիմանանք, ազգովին, տունով-տեղով, չեմ գիտեր: Որքա՜ն բան չեմ գիտեր: Եւ կրկին Նէնէ Հայկանուշիս խօսքը.
«Էշ իկէնք էս աշխըրքը, քուռակ մընէրթինք …»
Թէեւ լաւ գիտեմ, որ ՊԷՏՔ Է հաւատամ երկրիս ու ժողովուրդիս տոկունութեան:
Եթէ ես ըլլամ Փաշինեանին վիճակին մէջ, վստահ որ հոգեկան հաւասարակշռութիւնս կը կորսնցնեմ՝ մէկ կողմէ Փութինին սպառնալիք-պարտադրանքները, միւս կողմէ ժողովուրդին պահանջը, դեռ «դաւաճան» կոչուիլը … Ինչպէ՞ս կը դիմանայ, չեմ գիտեր:
«Նոր հարիւրամեակի սեմին մեր խորհրդանիշը պիտի ըլլայ Արծիւը, մեր նախնիներու փառքին ընկերակից Արծիւը, որ իր թեւերուն վրայ կը կրէ անցեալի հզօրութիւնը եւ այսօր՝ մե՛ր խոստումը ապագայի մը համար, ուր պիտի կենանք որպէս նո՛ր հայեր՝ զօրաւոր, հպարտ, վրէժխնդիր:
Ա՛լ արցունք պիտի չունենանք:
Մեր յոյսը մեր բազուկին վրայ կը դնենք, եւ կը հաւատա՛նք որ մերն է ապագան, մենք, հայ պատանին ու երիտասարդը, ո՛ւր որ ալ ըլլանք»:
Չեմ կրնար կարդալ, չեմ կրնար լուրերը մտիկ ընել, չեմ կրնար զոհուածներուն պատկերները տեսնել, չեմ կրնար մանաւանդ անոնց մայրերուն աչքերուն նայիլ, չեմ կրնար անոնց գրածները կարդալ, որովհետեւ երբ կը գրէին, չէին գիտեր որ պիտի մեռնին, գիտէին որ կրնան մեռնիլ, բայց չէին հաւատար որ զոհ պիտի երթան այնքան անարգ մղումներու, չեմ կրնար անոնց նայուածքին առջեւ յանցաւոր չզգալ, չեմ կրնար ինքզինքս մահապատիժի արժանի չնկատել, չեմ կրնար մտածել վաղուան մասին, չեմ կրնար մտածել մատենադարանին մասին եւ հրդեհ չտեսնել, չեմ կրնար յիշել օփերային մէջ վայելած ելոյթներուս եւ չմտածել քանդումի մասին, չեմ կրնար բառերուն ստիպել որ գեղեցիկ չըլլան, չեմ կրնար անոնց ստիպել որ խօսին ճշմարտութիւնը, ամբողջ ճշմարտութիւնը եւ միայն ճշմարտութիւնը որ անխօսելի է, որ այնքան տգեղ է, մինչ բառերը կ’ուզեն տաք ըլլալ, չեմ կրնար ստիպել բառերուն որ արիւնի չափ տաք չըլլան, որ թշնամիին մտածումներուն պէս պաղ չըլլան, որ անոնց ծրագիրներուն պէս դաժան չըլլան եւ անոնց կիրթ ու եւրոպականացած վարմունքին պէս կեղծ ու լկտի չըլլան …
Չեմ կրնար օրը սկսիլ սովորականին պէս, բան չեղածի պէս, չեմ կրնար առաջուան պէս գործիս մէջ մոռնալ մանր-մունր հոգերը, չեմ կրնար մոռնալ չմտածելը, չեմ կրնար մոռնալ մտածելը, չեմ կրնար հասկնալ որ այս բոլորը անօգուտ են, որովհետեւ չեմ կրնար մոռնալ համոզումս անօգուտ ըլլալուն, չեմ կրնար մոռնալ անկարողութիւնս, չեմ կրնար մոռնալ անկարողութիւնս, չեմ կրնար մոռնալ մանաւանդ անկարողութիւնս որ ահա քանի՞ օր է, քանի՞ շաբաթ, քանի՞ ամիս կ’ուտէ զիս սոված վայրենացած գազանի պէս ու չի կշտանար:
Չեմ կրնար չլսել գերիներուն լռած ճիչերը եւ անոնց մէջ իմս՝ ի՞նչ ընեմ, ի՞նչ կրնամ ընել, ի՞նչ պէտք է ընեմ …
Եւ յետոյ, ամէնէն յետոյ չեմ կրնար մոռնալ բառերուն դաւաճանութիւնը՝ բառով խաբեցին, բառով համաձայնեցան, բառով համոզեցին, բառով վատնեցին ամէն սրբութիւն … իսկ աշխարհը բառով կը մխիթարէ, բառով կը լուծէ իբր թէ, բառով տէր կը կանգնի …
Ես ինչպէ՞ս «կրնամ» ըսեմ:
Մնացեր է միայն «չեմ կրնար»-ը:
Եւ ասիկա մեծագոյնն է իմ, քու, մեր պարտութիւններուն:
Եթէ գիտակցութիւնը (consciousness) կրօնք չունի, հաւատք չունի, իտէալ չունի, սեռ չունի, ցեղ չունի, մորթի գոյն չունի, տարիք չունի, ազգ չունի,
Եւ եթէ մենք, որպէս մարդ, գիտակցութիւն ենք,
Ուրեմն թուրքը ի՞նչ է, անգիտակից խաժամո՞ւժ, անասուններէն մէկ ոտք բարձր հաւաքականութի՞ւն:
Ո՛չ. ծայրայեղօրէն գիտակցուած, ծրագրուած եւ իրագործուող միտք:
Գրեր էի՝ «Երբեւէ մտածե՞ր ենք, թէ թուրքը, իր ամէնէն մեծէն մինչեւ ամէնէն փոքրը որքա՜ն հայրենասէր է, թէկուզ երբեմն կամ յաճախ ատիկա կ’ըլլայ ճնշումով եւ բռնութեամբ: Ի՛ր երկիրը մեծցնելու, հարստացնելու եւ զօրացնելու համար թուրքը միջոցներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ: Նոյնը կ’ընէ Ամերիկան, քիչ մը աւելի խորամանկութեամբ, քիչ մը աւելի աշխարհի աչքերուն փոշի ցանելով, քիչ մը աւելի այլ ազգեր ու երկիրներ իր հաշուոյն «աշխատցնելով»: Ի՛ր երկրին շահերուն համար»:
Եթէ մենք, որպէս հայ, գիտակցութիւնը ունենանք թուրքին կարողութեան եւ մոռնանք մեր սնապարծութիւնը, թերեւս կարենանք յոյս սնուցել օր մը տիրանալու մեր իրաւունքներուն:
Ա՛լ բաց աչքերով նայելու ենք հարցերուն եւ բաց միտքով քննարկելու ենք իրավիճակը, ապա թէ ոչ, յոյս չկայ մեզմէ:
«Գերմանացիները նոյնիսկ բացայայտ օգնել են թուրքերին, հրահանգաւորել, պաշտպանել, նոյնիսկ խրախուսել։ Տէ՛ր Աստուած, ես ամաչում եմ այդ ամէնի համար։ Ի հարկէ, գերմանացի որոշ մտաւորականներ քննադատել են իշխանութիւններին, բայց նրանց ձայնը մարել է՝ ինչպէս արդար մոմը սանձակոտոր փոթորկից»։
«Գրիչն աւելի զօրեղ պիտի լինի, քան սուրը, սակայն տարեցտարի աւելի քիչ եմ հաւատում այդ լաւ գաղափարին»։
Սալար Ապտօ
Սպարտակ Ղարաբաղցեանը բան մը գրեր էր ՖՊ-ին վրայ, ուր կ’ըսէր՝ «Լեռները թոյլերին չեն սիրում»: Իսկ ես կ’ըսեմ.
Այո՛, լեռները թոյլերուն չեն սիրեր.
Իսկ մենք, որ վաղուց
Շա՜տ վաղուց լեռները քաշուեցանք
Զի առիւծասիրտ էինք
Եւ բնաւ թոյլ
Կը սիրէինք մեր ազատութիւնը այնքան
Որքան վանք կառուցելն ու ապրիլը
Հաշտ ու խաղաղ մեր լեռներուն մէջ
Մեր լեռներուն հետ
Յետոյ լեռներէն իջանք
Լեռները տուինք
Որո՞ւ սակայն
Մեզմէ աւելի՞ առիւծասիրտ մարդոց
Որոնք տափաստանները ունէին որպէս հայրենիք
Որոնք ոտաբոբիկ եկան
Եւ այսօր աշխարհի քիթին բերնին
Քարոզներ կը կարդան
Լեռները լռեցին
Արցունքը դարձաւ ամպ ու մառախուղ
Արցունքը դարձաւ մեր կորսուած արիութիւնը
Դարձաւ նոր արհաւիրք
Իսկ Հրաչեայ Բեգլարեան (1934-2009), դեռ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ ըսած է, կարծես յայտնատեսութեամբ.
«Երէկ Ղարսդ, Անիդ, Վանդ,
Այսօր ահա Նախիջեւանդ,
Հերթը հասաւ Ղարաբաղիդ.
Թէ որ դա էլ ձեռքից առան,
Ո՞նց կը պահես Երեւանդ …
Քեզ եմ ասում, իմ Ղարաբաղ,
Ուշանում է Աւարայրդ …»։
Ուշացեր ենք եւ կը շարունակենք ամբողջս միասին ուշանալ: Մինչեւ ե՞րբ:
Մարուշ Երամեան