«Կարելի Չէ Այսպէս Շարունակել»
Առանց մտահան ընելու նախորդ սիւնակին մէջ մեր մատնանշած՝ միջազգային եռեւեփումներուն ընդհանուր պատկերն ու անոնց ազդեցութիւնը նա՛եւ մեր հայրենիքին վրայ, եկէ՛ք, կեդրոնանանք Հայաստանի դիմագրաւած տագնապներուն վրայ:
Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայուն համար, մէկ բան յստակ է ու անվիճելի, ի՛նչ որ ալ ըլլան այսօրուան իշխանաւորներուն ստապատիր հաւաստիքներն ու քարոզները: ԱՅՍ ԸՆԹԱՑՔԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ, ԱՆՅԱՊԱՂ ՊԷՏՔ Է ՍԱՆՁԵԼ ԳԱՀԱՎԻԺՈՒՄՆ ՈՒ ԱՐԳԵԼԱԿԵԼ ՆՈՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ: ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է, հոգ չէ թէ կան հաւկուրներ, որոնք կը շարունակեն դաւանիլ, թէ «ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը» պէտք է մնայ անհպելի, իրաւունք ունի ընելու այն՝ ինչ որ «երկաթէ մուրճի մանտաթը» կը թելադրէ, ժամանակ տալ, որպէսզի իր ծրագիրները իրականացնէ, այսինքն՝ հայրենիքը… վերջնական կորուստի մատնէ:
Անմիջապէս ընենք կարեւոր շեշտադրում մը. իշխանափոխութիւնը լուծում չէ, այլ լուծման առաջին քայլը:
Իշխանափոխութեան առաջադրանքը կը պարզէ ծիածանէն աւելի շատ գոյներ: Մէկ կողմէ՝ կայ ամէն բան օրէնքի եւ արդարադատութեան ճամբով, սահմանադրական կարգով իրականացնելու ուղին, իսկ միւս ծայրը կայ ի հարկին բիրտ ուժի դիմելու ընտրանքին դրօշը: Առաջին ուղին կտրեց բազմաթիւ հանգրուաններ, բայց չհասաւ յաջողութեան, իսկ երկրորդը (թէեւ որոշ չափով ամբոխահաճ) չէ փորձուած եւ անկէ պէտք է ամէն ձեւով խուսափիլ, որովհետեւ կրնայ երկիրը նետել քաղաքացիական պատերազմի մէջ:
Անկախ ձեւէն, իշխանափոխութեան պահանջը ընդարձակ հող շահած է եւ կը հնչէ մասնաւորաբար բոլոր այն շրջանակներէն, որոնք նախանձախնդիր են հայրենիքի փրկութեան եւ գոյատեւման պահպանման: Այս լայն ճակատին մաս կը կազմեն խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրներ, կուսակցութիւններ, քաղաքական հին ու նոր համախմբումներ, մտաւորականներ ու արուեստագէտներ, զինուորականներ ու եկեղեցին (Էջմիածին եւ Անթիլիաս), Սփիւռքի գերակշիռ հատուածը, նաեւ անոնք՝ որոնք այս կամ այն նկատառումով (ընդհանրապէս՝ յարգելի) իրենք զիրենք չեն ուզեր կապուած տեսնել իբրեւ ընդդիմադիր ճանչցուած միաւորներուն, սակայն համաձայն են որ օրհասական վիճակը պէտք է կասեցնել շուտով: Այս լայն ճակատէն դուրս կը մնան, հազար ու մէկ հաշիւով, իշխանութեան շեփորահարները, թէեւ սպասելի է, որ հոն ալ աչք բացողներ ըլլան: Փաշինեանի սկսած շարժումին միացածներէն շատեր այսօր արդէն լայն բացած են իրենց աչքերն ու ուղեղները, դարձած են իշխանութեան սուր քննադատներ:
«Իշխանափոխութիւնը անյետաձգելի է» յայտարարող իւրաքանչիւր խմբաւորում եւ միաւոր՝ հրապարակ կու գայ փրկարար առաջադրանքներով, որոնց հասարակ յայտարարը կը կազմեն քանի մը պահանջներ. ամէն բանէ առաջ՝ բոլոր հայրենասէր ու հայրենապաշտպան ձեռքերու միացումը, մասնակի՝ կուսակցական կամ խմբակային հաշիւները մէկդի դնելը, ատելութեան մթնոլորտին՝ հանդուրժողութեամբ փոխարինումը:
Հակառակ այս անկեղծ եւ նախանձախնդիր կեցուածքներուն, վէճ չվերցնող պահանջներուն, յիշեալ առաջադրանքները իրականութեան վերածող ՈՒԺը մարմին չստանար: Այդպէս էր 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին, անկէ անմիջապէս ետք, այդպէս է նաեւ այս հանգրուանին, երբ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ՀԱՍՈՒՆԱՑԱԾ Է:
«Ճանապարհի Քարտէզ»-ներ
Դրսեւորուած կեցուածքներուն մասնիկաւոր պատկերի գլուխկոտրուկը (jigsaw puzzle) ցարդ կարելի չէ եղած լուծումի հասցնել ու յստակացնել համայնապատկերը, որովհետեւ հրապարակի վրայ են քանի մը «ճանապարհի քարտէզ»-ներ, որոնք թէեւ ունին բազմաթիւ հասարակաց գիծեր, սակայն միաձուլումի չեն հասած: Կրնանք մինչեւ իսկ ըսել, թէ կայ լուծման առաջարկներու՝ ճամբու քարտէզներու աճուրդ մը…: Անոնց միաձուլումը պիտի հասնի ամբողջական ճանապարհի քարտէզի մը՝ աշխատանքի համընդհանուր ծրագիր մը, որուն խորագիրը պիտի ըլլայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷԶԸ, իսկ անոր իրականացումը պիտի վստահուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԻ ՄԸ:
Հանելուկը լուծումէ քանի մը քայլ ետ կը մնայ, հեռու կը պահուի, որովհետեւ (եթէ մեր շուրջը դիտենք քննական աչքով) Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ կուտակուած են բազում՝ դրսեցիներու «ճամբու քարտէզներ», որոնց հետ անցեալին շատ աւելի աղերս ունէր եւ կը ներդաշնակուէր մեր հայրենիքը, քան ներկայիս: Արտաքին ճամբու քարտէզները զիրար կը խաչաձեւեն, կը կտրատեն, Հայաստան դրուած է ընտրանքի աճուրդի դիմաց, ընտրանքներուն գումարը կ’երթայ ի վնաս Հայաստանի: Թուենք քանի մը հատը, իսկ մնացեալը դժուար չէ հետեւցնել:
Ա ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ունին ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ միաձուլող՝ միացեալ ճամբու քարտէզը, որուն գլխաւոր խորագիրն է համաթուրանական հին ծրագիրին իրականացումը, Օսմանեան կայսրութեան վերականգնումը: Անհրաժեշտ չենք նկատեր փաստերը ցանկագրել, սկսելով բազմաճիւղ պատերազմներէն, մինչեւ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զինուորական-քաղաքական-դիւանագիտական միաձուլման տանող քայլերը: Այս առաջադրանքին իրականացման համար, երկու «եղբայր երկիրներ»-ուն միջեւ գործակցութիւնը առաջին հերթին կը նպատակադրէ վերջնականապէս կուլ տալ Արցախը, յետոյ պատառ-պատառ՝ Հայաստանը, սկսելով Սիւնիքէն, հասնելով Տաւուշ, Սեւան եւ ի վերջոյ՝ Երեւան: Չմոռնանք, որ հին-թուրանական ծրագիրին այլ արտայայտութիւններուն ականատես ենք Կիպրոսի, Սուրիոյ, Իրաքի մէջ, Յունաստանի ուղղութեամբ եւ այլ շրջաններու մէջ:
Համաթուրանականութեան ճամբու քարտէզը Հայաստանի դիտանկիւնէն, նորութիւն չէ, սակայն եթէ հայկական եւ արտաքին գործօններ անցեալին յաջողած էին զայն զսպել, խափանել, այսօրուան աշխարհը տարբեր իրականութիւն կը պարզէ. այդ իրականութիւնները չտեսնելը, հրամցուած ընտրանքներով կոյր-կոյր տարուիլն ու թշնամիէն խաղաղութիւն մուրալը, անոր հեռաւոր ու մօտիկ անցեալի, մինչեւ այսօր շարունակուող բազմերես ոճիրներուն վրայ աչք փակելը, աւելի՛ն, ուղղակի եւ անուղղակի քայլերով անոր լծակից-կամակատար ըլլալը՝ սպառնալիք են հայկական ճամբու քարտէզի մը գոյառման: Եւ ՔՊ-ական իշխանութիւնը անվիճելի փաստեր հրամցուցած է, թէ «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ով եւ «ապագայ կայ»-ով գծագրուած ճամբու իր քարտէզին մէջ Հայաստանին ու հայութեան համար դրական նշոյլներ կարելի չէ փնտռել, այդ քարտէզին վրայ հոսող գետերուն եւ վտակներուն ջուրերը կը դարձնեն թշնամիին եւ անոր զօրակիցներուն ջաղացքները: Փաշինեանական խումբին կողմէ այս իրականութեան իրազեկման նշոյլները ցարդ գործնական շարժում չեն աւետեր:
Ա ՌՈՒՍԻԱ ունի ի՛ր ճամբու քարտէզը. Խորհրդային Միութեան մականը ժառանգած իրողական կայսրութիւնը մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարիէ ի վեր ինքզինք դէմ յանդիման գտած է ուղղակի եւ յարաճուն յարձակումի: «Պաղ Պատերազմ»-ին դադրեցումին յաջորդած՝ մեղմացումի փուլը մանր քայլերով վերականգնեց դարաւոր հակադրութիւններն ու մրցակցութիւնները, ստեղծեց նոր փոթորիկ:
Անմիջականօրէն, ամէնէն տաք գօտին Ուքրանիան է, սակայն կան նաեւ Կովկասը, Կեդրոնական Ասիան, Արեւելեան Եւրոպան, չմոռնանք նաեւ Ափրիկէն ու այլ աշխարհամասեր (որոնք երբեմն դուրս կ’իյնան հայկական ռատարներէն):
Ռուսական ճամբու քարտէզը կը պահանջէ, որ Մոսկուա, ԻՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ, հող-ենթահող չկորսնցնէ անցեալի եւ ներկայի իր ազդեցութեան գօտիներուն, ներառեալ Կովկասի մէջ: Այդ առաջադրանքէն մղում կ’առնեն, օրինակի համար, Արցախի մէջ ռուսական ուժերու առաքելութեան, կամ գոնէ որոշ ներկայութեան մը այս կամ այն ձեւով պահպանումը: Ըսինք՝ այս կամ այն ձեւով, որովհետեւ եթէ հայկական կողմը տեղ մը ընկրկում ցուցաբերէ, պարելով Արեւմուտքէն հնչող եղանակներու կշռոյթով, Ռուսիա արդէն իսկ որոշ փոխընտրանքներու հողը պատրաստած է, բաւական սերտ կամուրջներ ստեղծած՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ (իսկ թէ յառաջիկայի զարգացումները ի՞նչ կրնան բերել՝ կարելի է խօսիլ այլազան մեկնաբանութիւններով):
Նմանապէս՝ Հայաստանի մէջ իր ներկայութեան շարունակումը, որուն համար, ան ի գործ կը դնէ Հայաստանի հետ իր ունեցած բազմաբնոյթ կապերը (զօրակայան, սահմանապահ ուժեր, կորիզային կայանը եւ նոր հնոցներու ծրագիր, տնտեսական եւ առեւտրական կապեր՝ նկատի ունենալով, որ հայկական արտածումներու եւ ներածումներու մէկ գլխաւոր հասցէն կը հանդիսանայ Ռուսիան): Նոյն այդ ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ թելադրանքէն, եւ ո՛չ միայն Հայաստանի շահերու երաշխաւորումէն կը բխին Հայաստանէն դէպի Նախիջեւան ու Ատրպէյճան ճամբաներու բացումը, այսինքն՝ հարաւէն պաշարումէ խուսափումը:
Եւ ահա, Ռուսիա եւ Թուրքիա տեղ մը նոյն լեզուն կը խօսին, երբ Հայաստանի կը թելադրուի բանալ Թուրքիոյ հետ ճամբաները եւ առեւտուր զարգացնել:
(Շար. 1)
Ս. Մահսերէճեան