«Արմէնփրէս»._ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Խըրուաթիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանիի հետ։

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր:

«Նախարար Միրզոյեան իր գործընկերոջ ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային զարգացումները, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առանցքային հարցերու մասին հայկական կողմի դիրքորոշումը: Երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար ընդգծուած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրին համաձայն,անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման եւ յարձակողական գործողութիւններուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած անվտանգային եւ մարդասիրական հարցերուն։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ցեղային զտման ուղղուած՝ Պաքուի քաղաքականութեան կանխումին նպատակով միջազգային որոշակի քայլերու անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Միրզոյեան շեշտած է, որ 15 Յունիսէն ատրպէյճանական կողմը խոչընդոտներ ստեղծած է նոյնիսկ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի՝ ԼՂ անարգել մարդասիրական հասանելիութեան համար:

Նշուած է, որ զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան հարցերուն՝ ԵԱՀԿ-ի մէջ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահութեան գերակայութիւններուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ