ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան «Երկրի հիւրասրահ»-ի եթերին խօսած է Արցախի հարցին առնչուող միջազգային իրավիճակին մասին:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձած է Լա Հէյի միջազգային դատարանի՝ Լաչինի միջանցքի բացման առնչութեամբ վճիռին փաստացիօրէն չկատարման իրողութեան, որով Ատրպէյճան ըստ էութեան, ոտնահարած է միջազգային իրաւունքը:

«Այդ դատարանի վճիռը պարտադիր կատարման ուժ չունի, բայց կարեւոր է դիրքորոշումը ՄԱԿ-ի անդամ այն պետութիւններուն, որոնք հասած են միջազգային դատարանի կողմէն նման վճիռի գոյացման: Այդ երկիրները պէտք է հետամուտ ըլլան, որ Ատրպէյճան ուղղուի միջանցքը բանալու քայլերուն եւ այդ միջանցքով երթեւեկութեան ապահովման: Ատիկա կարելի է ընել Ատրպէյճանի եւ այդ երկրի իշխանութիւններուն նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառումով», ըսած է ան: