-Ես չեմ գացած, բայց եթէ կ’ուզէք, զինք տարէք,- ըսած էր մայրս Կիւլպէնկեան Մայրանոցի նըրսերուն, որոնք որոշեր էին իրենց գործէն ետք բաղնիք երթալ:
-Դո՛ւն ալ եկուր, տիկի՛ն Արուսեակ:
-Ես … կը գանիմ:
-Հապա աղջիկդ ինչպէ՞ս կը ղրկես:
-Թող երթայ տեսնէ եւ գիտնայ թէ ի՛նչ է շուկայի բաղնիքը:
Կը կարծէի թէ որոշ գաղափար մը ունիմ շուկայի բաղնիքին մասին, որովհետեւ երբեմն «վերի» բաղնիքը կ’ելլէինք եւ հոն կը լոգնայինք:
«Վեր»-ը Մայրանոցին տանիքն էր, ուր կը գտնուէր լուացքի մե՜ծ սենեակը եւ անոր կողքին բաւական փոքրիկ բաղնիք մը, որուն վառարանը երբ վառուէր, բաղնիքը շատ-շատ տաք կ’ըլլար, շատ աւելի, քան մեր տունին բաղնիքը:
Տակաւին՝ Մարոշիկը, որ Մայրանոցին օգնական խոհարարուհին էր եւ շատ կապուած մօրս – ինչպէս էին Մայրանոցի բոլոր աշխատողները, որոնց պաշտպան փաստաբանն էր մայրս եւ թերափիստը – քառորդ ժամ ետք կու գար, կամացուկ մը բաղնիքին դուռը կը թակէր եւ ներս կ’երկարէր պաղ թանով լեցուն սափոր մը եւ ստկուած ու ջարդուած նարինջ մը:
Ի՜նչ հաճելի էին պաղ թանն ու նարինջին բուրմունքը:
Կը կարծէի թէ նման բան մը պիտի ըլլար շուկայի բաղնիքը, հաւանաբար քիչ մը աւելի մեծ, ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս պիտի բաւէինք հինգս՝ չորս նըրսերը եւ ես:
Այդ առաջին երթալուս մանրամասնութիւնները չեմ յիշեր, բայց տպաւորութիւնս դրական էր՝ հաճելի տեղ մըն էր սա շուկայի բաղնիք ըսուածը, մայրս ինչո՞ւ չէր սիրեր, չէի հասկցած:
Հայրս ալ շատ կը սիրէր բաղնիք երթալ. իր գացածը փակ շուկային պղնձագործներու թաղին մէջ գտնուող բաղնիքն էր – սու’ ըլ Նահհասին – որ գետնափոր տեղ մըն էր, դէպի վար գացող երկա՜ր աստիճաններով, եւ որ, ըստ հօրս պատմածին, շատ գեղեցիկ էր եւ մաքուր:
Հալէպը քանի մը բաղնիքներ ունէր, որոնք բոլորն ալ առաւօտեան ժամերը կիներուն յատկացուցեր էին, իսկ այրերը իրիկունը կ’երթային. շատեր նոյնիսկ կրնային հոն գիշերել. բայց ոչ Նահհասինի բաղնիքը, ուր կիներուն մուտքը բացարձակապէս արգիլուած էր:
Աւելի ուշ, երբ Հալէպի երկու բաղնիքները նորոգուեցան՝ Եալպուղան եւ Կարմիր Դուռը – Պապ ալ-Ահմար – հայ կիները սկսան երթալ: Առաջին անգամուան համար, որքան կը յիշեմ, միութիւն մը որպէս ձեռնարկ-պտոյտ կազմակերպեր էր բաղնիքագնացութիւնը: Յետոյ գացողները սկսան իրենց ազգական-բարեկամ-ընկերուհիները տանիլ …
Շատ կը սիրէի Կարմիր Դուռը, որովհետեւ աւելի փոքր էր քան Եալպուղան եւ աւելի ժողովրդային, մինչ Եալպուղան արդէն յստակօրէն զբօսաշրջիկներուն համար պատրաստուած էր: Իսկապէս ալ, ամէն անգամ որ հոն երթայինք, անպայմա՛ն կը հանդիպէինք ճափոնցի, չինացի, մանաւանդ իտալացի կամ ռուս կիներու, որոնց դէմքը երջանկութիւն կը ճառագայթէր …
Որքա՜ն ազդած են արեւելեան այդ բաղնիքները մեր գրագէտներուն վրայ, որոնք տողեր եւ էջեր նուիրեր են նկարագրելու անոնց ներքին խորշերը – երբ մանուկ, իրենց մայրերուն ընկերացեր են – բայց մանաւանդ խօսելու այդ բաղնիքներուն մթնոլորտին եւ խորհրդաւորութեան մասին:
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի I Ask You Ladies and Gentlemen գիրքին բաղնիքին նուիրուած գլուխը կարդալու է: Առաջին անգամ երբ կարդացի, թուեցաւ թէ մեր Հալէպի բաղնիքներէն մէկն էր նկարագրածը, այնքան յստակօրէն նման էր Պոլսոյ իր նկարագրած բաղնիքը մերինին:
Իսկ Վարուժանի «Արեւելեան Բաղանիք»-ը, օ՜ … ուրիշ հաճոյք է, երբ կը մտաբերես քերթուածին տողերը, բաղնիքին տաք յատակին պառկած, ոտքերդ գուռէն վազող տաք ջուրին յանձնած եւ նայուածքդ վեր՝ ինկող կաթիլներուն, գմբէթներուն գնդաձեւ ապակիներուն …
«Յանկարծակի կը սարսռան՝ երբ գմբեթէն կը կաթի
Ցուրտ ցօղ մ’իրենց ծոծրակին հեշտագրգիռ փոսին մէջ»
Եւ ճիշդ ճամբորդութեան սկսելու նման, երբ կը նստիս ինքնաշարժը, պասը կամ օդանաւը, կը զգաս որ առօրեադ իր տաղտուկներով եւ հոգերով կը քակուի վրայէդ շերտ առ շերտ եւ կը մնաս թեթեւ, հանգիստ, նոր արկածախնդրութեան մը պատրաստ, ճիշդ նոյն ձեւով ալ երբ դէպի բաղնիք ճամբայ կ’ելլես, արդէն կը զգաս այդ թեթեւութիւնը, որովհետեւ տաք ջուրին յանձնուած ո՛չ միայն մարմնիդ կեղտերը շերտ առ շերտ կը թափին, այլ հոգիդ կը թեթեւնայ պահ մը հանգստացած, կը քակուի իր բազմաթիւ կնճիռներէն եւ կը դառնայ նոր ու փայլուն, պատրաստ նոր օրուան մը մարտահրաւէրներուն: Հոգիի ճամբորդութեան տարբերակ մըն է արեւելեան բաղնիք երթալն ու այդ փորձառութեան լիովին յանձնուիլը …
Բայց նախ կեցէք ներս մտնենք:
Լայն ու բարձր դարպասին առջեւ նստած է թխադէմ ու խոժոռ կին մը, որ խստօրէն կը զննէ մտնողները, մանաւանդ՝ փոքրիկները՝ մանչեր եւ աղջիկներ, որոնք կը կախուին իրենց մայրերուն փէշերէն. խուզարկու աչքերով կը չափէ մանչերը ու երբեմն կ’արգիլէ անոնց մուտքը ոչ թէ հասակին համեմատ, ինչպէս շատեր կը կարծեն, այլ … նայուածքին, ուր արթնութիւնը կը կայծկռտի:
Այն ատեն կը սկսի պոռչտուքով համեմուած սակարկութիւն մը. բայց պահակ կինը անկոտրում կը մնայ, որովհետեւ նուազագոյն սխալով ինք կրնայ գործը կորսնցնել:
Ի վերջոյ մենք, որ կեցած կը սպասենք իրենց, կը մտնենք երբ պահակ կինը կը բարկանայ.
-Ասդի՛ն կեցիր, սա տիկիններուն տե՛ղ տուր:
Մեզի տիկին կ’ըսէ, մինչ միւս կինը՝ իր նման լաչակաւոր, իր նման քաղաքին «ներսի թաղերէն», ինչպէս մենք կ’ըսենք,  միայն կին է, նոյնիսկ՝ կնիկ իրեն համար:
Կը մտնենք եւ մեծ դարպասը կը փակուի մեր ետեւէն:
Կանուխ է. գրեթէ մարդ չկայ. Հալէպի նշանաւոր դեղին քարը կը պսպղայ, մինչ մենք խորունկ կը շնչենք դաբնիի հոտը, Հալէպի նշանաւոր ղար օճառէն բուրող, որ լեցուեր է բաղնիքին «դուրսի» սրահը, հոն ուր քանի մը աստիճաններէն վար մեծ սրահն է, մէջտեղը անխուսափելի արաբական շատրուան-աւազանը, իսկ պատերուն տակ՝ թախթերը, ուր կը դնենք մեր ծանր պայուսակները եւ կը սկսինք հանուիլ:
Մարդ չկայ տակաւին. ըլլար իսկ, ոչ ոք կը դիտէ միւսները, բոլորն ալ կ’աճապարեն ներս, բաղնիքին ներսի սրահը նետուիլ, հոն ուր տաքն է, ջուրը, շոգին եւ … անոնցմէ ծնած հաճոյքը:
Ներսի սրահը աւելի փոքր է, ճիշդ մէջտեղը՝ սեւ կամ տաք քարը, որուն տակ է բաղնիքին մեծ հնոցը եւ ուր կը փռուին կիները քէսէյվելու համար, քէսէճիին խիղճին յանձնուած. եթէ պատահի, որ գանգատիս իր բրտութենէն, անմիջապէս աչքդ կը խոթէ «ֆիթիլները».
-Կը տեսնե՞ս կոր, մատա՛մ, աս ֆիթիլները, աս ամմէնը քեզմէ կ’ելլայ կոր, ասանկ չընեմ նէ աղտոտ կը մնաս աղտո՜տ … հապա՜
Ճարահատ կը լռես եւ միտքէդ կ’աղօթես որ այս տառապանքը վերջ ունենայ, միաժամանակ ինքզինքդ այպանելով՝ կարեւո՞ր էր քէսէյվիլդ …
Չորս կողմը փոքր սենեակներ են, ուր բազմանդամ ընտանիքները կը հաւաքուին իրենց ուտելիքներու կապոցներով, թմբուկներով, դափերով, անհատնում ծիծաղով եւ փոքրերուն ճիչերով. երբեմն այնքան մեծ կ’ըլլայ իրենց խրախճանքին աղմուկը, որ կողքի սենեակներէն շատեր կը շտապեն տեսնելու թէ ի՞նչ կայ.
-Հարսնցո՞ւ բերեր են,- կը հարցնեն իրարու եւ մերկ մարմիններով կը հրմշտկեն զիրար, հարսնցուն տեսնելու:
Ինչպէս ծովուն առջեւ, այստեղ ալ մարդիկ գրեթէ հաւասար են, ջուրի հոսքին տակ ջնջուած են կարծես ընկերային բոլոր դասակարգերը, եւ կիները իրենց բարձր տրամադրութեան մէջ կը դառնան իրարու բարեկամ, զրոյցը կը հոսի օտարներու միջեւ, յաճախ տեղացի կիները օտար զբօսաշրջիկներուն – իրենց գիտցած մէկ-երկու բառ անգլերէնով – հարցումներ կ’ուղղեն, կ’ուզեն հասկնալ թէ ինչպէ՞ս է կեանքը հոն, անոնց քաղաքին մէջ, եւ թէ արդեօք հաւնեցա՞ն մեր Հալէպը …
Օտար զբօսաշրջիկները բոլորն ալ հաւնած կ’ըլլային մեր Հալէպը այնքան, որ իրենց բարեկամներուն հետ կրկին կ’այցելէին:
Պատերազմի ընթացքին երեք բաղնիքներն ալ աւերակի վերածուեցան: Այսօր չեմ գիտեր թէ նորոգուեցա՞ն անոնք, որովհետեւ ո՞վ պիտի մտածէ հաճոյքի մասին – իսկ բաղնեգնացութիւնը արդէն հաճոյք դարձեր էր – երբ առօրեան իր հոգերով կը ստիպէ մարդոց այլ կողմ նայիլ:
Օր մը թերեւս կրկին իրենց դարպասները բանան Հալէպի բաղնիքները, իսկ կացութիւնը այնքան ապահով եւ բարօր ըլլայ, որ մարդիկ վերագըտնեն իրենց կորսուած հաճոյքները:

Մարուշ Երամեան