Արտակարգ իմացականութեամբ հանճար ըլլալու պէտք չկայ, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնալ սահմաններու բացումը «երրորդ կողմերու քաղաքացիներու երթեւեկին համար» յայտարարութենէն: Յստակ է, չէ՞, որ Հայաստանի համար շատ յուսալի բան չկայ հոն, այլ թշնամիին կոկորդը տաքցնող, ախորժակը սրող… շիշ մը քոնիաք: Եւ տարօրինակ չէ, որ արեւմտեան պատժամիջոցներուն եւ ծանօթ սեղմումներուն, պաշարումներուն դիմաց, Ռուսիա որոնէ արտաքին աշխարհին բացուելու նոր ճամբաներ, փորձէ անոնց հսկողութիւնը առնել իր հակակշիռին տակ, ի հարկին Հայաստանը դարձնէ իրեն դէմ ճշդուած արգելքներն ու պատժամիջոցները շրջանցող-անտեսող «կայան», այս գետնի վրայ ալ գործակցութիւն ստեղծէ… ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ (եւ անոր հովանին վայելող Ատրպէյճանի) հետ, ինչպէս կ’ընէ ուքրանական ցորենի, վառելանիւթի արտածումի եւ այլ համաձայնութիւններու ճամբով: Իսկ Արեւմուքը վերջերս քանի մը առիթներով Հայաստանի զգուշացում ուղղեց, որպէսզի հրաժարի Ռուսիոյ նպաստելու դերէն…:
Եթէ պահ մը տարուինք յոռետեսական մեկնաբանութիւններով, այսինքն՝ Ուքրանիոյ մէջ եւ այլուր՝ ի վերջոյ նահանջներ կրելու Ռուսիոյ հաւանականութիւններով, կրնանք հետեւցնել, որ պատմութեան մէջ յաճախ կրկնուած յառաջդիմութիւններ-նահանջներ դրուագներուն մէկ նորացումը կրնայ հրամցուիլ նաեւ Հայաստանին: Ցարական կայսրութեան հզօրացման արշալոյսէն ասդին, Ռուսիա բազմիցս շարժած է դէպի հարաւ եւ արեւմուտք (նկատի ունենանք միայն կովկասեան եւ նախ՝ պարսկական, յետոյ՝ օսմանեան-թրքական տարածքները), յետոյ իր դիմաց գտած է Արեւմուտքի ուժերուն համախմբումը (19-րդ դար, Աշխարհամարտերէն առաջ եւ ետք), յաճախ նահանջած է եւ Հայաստանը անտեսելով՝ կամուրջներ նետած է Թուրքիոյ հետ: Տուժողը եղած է… Հայաստանը (չմտնենք պատմութեան տարբեր փուլերու ոլորապտոյտին մէջ):
– ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա, ԻՐԵՆՑ ՇԱՀԵՐԷՆ ԲԽԱԾ՝ ունեցած են եւ ունին իրե՛նց ճամբու քարտէզ(ներ)-ը, որ եթէ մերթ ընդ մերթ ձեւափոխումի կ’ենթարկուի կամ տարբեր դիմագիծերով կը դրսեւորուի, ըստ էութեան՝ կը մնայ անփոփոխ: Այդ քարտէզները մերթ ընդ մերթ շօշափելի կամ ձեւական կերպով նպաստած են մեր հայրենիքին, սակայն հաշուեկշիռը յայտնի է, որովհետեւ ո՛չ անցեալին, ոչ ալ ներկայ փուլին Արեւմուտքի նաւերը չեն պատրաստուիր բարձրանալու Հայաստանի լեռները: Մարդիկը յայտարարած են եւ իւրաքանչիւր քայլափոխի կը կրկնեն ու կը կրկնեն. «Հայե՛ր, ձեզ եւ ձեր սեւ ու կապոյտ աչքերը կը սիրենք, բայց Թուրքիան մեր դաշնակիցն է, Ատրպէյճանի վառելանիւթին կարիքը ունինք»…: Ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալու համար, անհրաժեշտ չէ 10-15 դար ետ երթալ՝ մինչեւ պարսկական-բիւզանդական մրցակցութեան կամ հայկական Կիլիկիոյ փուլերը, կը բաւէ վերադառնալ գոնէ մինչեւ 17-րդ դար, երբ սկսան ուրուագծուիլ հայկական արդի դիւանագիտութեան առաջին քայլերը՝ Էջմիածինի ժողով, Իսրայէլ Օրիի առաքելութիւններ (նախ Արեւմուտք, յետոյ՝ Ռուսիա եւ անկէ՝ Պարսկաստան):
Մնացեալը ծանօթ եւ անմոռանալի, ուսանելի պատմութիւն է նաեւ այսօր (Օրիի արձանը կանգնած է վտանգուած Ջերմուկի մուտքին…): Արեւմուտքի շահերուն ակնոցով, Թուրքիա մը կամ Ատրպէյճան մը կրնան շատ աւելի «ժողովրդավարական» երեւիլ, քան «ժողովրդավարութեան պասթիոն Հայաստան»-ը, զոր կը ծափողջունեն… բերանացի: Պէտք չէ մոռնալ, որ Արեւմուտքը այդքան ալ միատարր ճակատ չէ, կան ներքին մրցակցութիւններ (Բրիտանիա-Եւրոպա, Եւրոպա-Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական համայնքին անհատ երկիրներու միջեւ մրցակցութիւններ եւ այլ), սակայն տեղ մը հասարակ յայտարարը կը մնայ անփոփոխ, կը վերանորոգուի, նոր դիմակ կը կրէ պարբերաբար: Յստակ է, որ եւրոպական անհատ երկիրներու շահերը ընդհանրապէս կ’ուղղորդուին Ուաշինկթընէն (յաճախ անոր հլու կամակատարին վերածուելու գնով), սակայն նաեւ ենթակայ կը մնան գեր-մեծապետական շահեր ունեցող ու անանուն պահուող միաւորներու, որոնք որոշ սահմաններու եւ տարածքներու մէջ չեն սահմանափակեր իրենք զիրենք, մինչեւ իսկ ձեւեր եւ միջոցներ կը գտնեն հակառակորդ հռչակուածներու հետ գործակցութեան, ըսել կ’ուզենք՝ շահակցական հաշիւներ դասաւորելու:
Այս ընդհանուր պատկերը տեսնողին համար, «սեփական շահերու հետապնդում» տարազումը արդէն կը ստանայ շա՜տ աւելի խորք ու տարբեր տարածք: Ու բացայայտ է, որ Արեւմուտքի շահերն ու հաշիւները այսօր դասաւորուած են այնպիսի ձեւերով, որ պաշտօնապէս հակառակորդ-մրցակից հռչակուած Ռուսիան պէտք է կրճատումի ենթարկուի Եւրոպայի, Կովկասի, Ասիոյ մէջ եւ այլուր, սակայն այս կամ այլ ոլորտին մէջ «տակից գործակցութիւնը» կը շարունակուի: Սա նորութիւն չէ: Այդպէս էր այն օրերուն, երբ խորհրդային բանակները մտան Աֆղանիստան, այդպէս էր՝ երբ կը մղուէին Վիեթնամի ու նախընթաց (Քորէա եւ այլուր) պատերազմները, այդպէս էր՝ երբ Հարաւային Ամերիկայի մէջ իշխանութեան կը բերուէին խունթաները, Քուպան կը դառնար կորիզային պատերազմի մը պատրոյգը, այդպէս եղաւ նաեւ Ծոցի պատերազմներուն (Իրան-Իրաք, Իրաք-Քուէյթ…), «Արաբական Գարուն»-ի տեղափոխութիւններու (Թունուզէն Եգիպտոս, Իրաք, Սուրիա, Լիպիա, Եմէն եւ այլն), արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան փուլերուն:
Ա ԻՐԱՆը ունի ի՛ր ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ թարգմանը եղող ճամբու քարտէզը, որ նոր բովանդակութիւն եւ ձեւաւորում ստացաւ Շահին տապալումէն ետք եւ տարբեր փուլեր կերտեց նախ՝ Խոմէյնիի, ապա նաեւ իրերայաջորդ կառավարութիւններու օրերուն: Իրան, որ որոշ ատեն հարկադրաբար կորսնցուցած էր կայսերական երկիր մը ըլլալու հանգամանքը, ահաւասիկ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր աշխարհին կը յիշեցնէ իր ա՛յդ դիմագիծը: Կարեւոր գիծերէն մէկն է այն, որ Թեհրան կ’ուզէ մշակել եւ վարել իր սեփական ծրագիրները (զինում, կորիզային ուժանիւթ, ազդեցութեան գօտիներու վերականգնում եւ ծաւալում): Ան իր դիմաց կը գտնէ գլխագիր Արեւմուտքը՝ Ուաշինկթընի գլխաւորութեամբ (չանտեսենք Իրանի հարցով Ուաշինկթընի եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու միջեւ ի յայտ եկող տարակարծութիւնները): Արեւմուտքը իբրեւ լծակից-դաշնակից ունի Իսրայէլն ու Թուրքիան (նաեւ վերջինին պոչիկը՝ Ատրպէյճանը), հոգ չէ թէ վերջինները մերթ ընդ մերթ կը գործածեն բարեկամութեան եւ գործակցութեան դիմակները:
Եւ ինչպէս որ Ռուսիոյ համար կենսական է հոս-հոն քանդել իրեն պարտադրուող պաշարումի օղակները, նմանապէս ալ Իրան կը ցանկայ, մի՛շտ իր հաշիւներէն ելլելով՝ քանդել Արեւմուտքի ու անոր գործակից-դաշնակիցներուն պարտադրած պաշարումներն ու սեղմումները: Բացայայտ է, որ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Իրանի դէմ պաշարման նոր օղակ մը ստեղծուեցաւ… Արցախէն խլուած հողատարածքին վրայ (անկախ անկէ, որ Ռուսիան ալ Թուրքիոյ հետ միացեալ կեդրոն ունեցաւ Աղտամի մէջ, վերը մեր մատնանշած՝ սեփական հաշիւներուն դիտանկիւնէն), Պաքու-Թեհրան լարուածութիւնը ելեւէջներ կ’արձանագրէ, սակայն ճիգ կ’ըլլայ զայն պահելու (Արեւմուտքի) հակակշիռին տակ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս մասնագէտ հրշէջներ կ’ընեն երբեմն, այսինքն՝ հրդեհի հակամէտ անտառային գօտիներու մէջ կը ստեղծեն «հսկողութեան տակ պահուող» հրդեհներ:
Հիւսիսէն ամբողջական պաշարումէ խուսափելու իր շահերուն դիտանկիւնէն է, որ Իրան ոգի ի բռին դէմ կը կանգնի «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ծրագիրին եւ, բնականաբար, իր շահերը կը զուգորդուին Հայաստանի շահերուն: Անդին, Իրանի սեփական շահերն ու հաշիւները մօտիկ անցեալին զուգորդումի դաշտեր գտան մէկ կողմէ՝ Չինաստանի ու միւս կողմէ՝ Ծոցի երկիրներու հետ, որոնք աւանդաբար թշնամական-մրցակցային են եղած, ու Ծոցի երկիրները ընդհանրապէս շարժած են Արեւմուտքէն եկող նշաններով (շատ տարբեր չէ պարագան լարախաղաց Թուրքիոյ, որ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից է): Հայաստանէն չխզուելու Իրանի տենդին դիմաց, թաւշեայ զգեստ կրողներուն իշխանութեան գալէն ետք, Արեւմուտքէն բացայայտ եւ քողարկեալ պատգամներ կը հասնին Երեւան, որպէսզի խզուի Իրանէն (Պոլթընէն մինչեւ Փըլոսի եւ այլք):
Մինչդեռ, Թուրքիոյ հաշիւներէն բխող ճամբու քարտէզը կը պահանջէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բացուի, Ատրպէյճան միանայ Նախիջեւանի ու Թուրքիոյ, եւ սա կը ստեղծէ իրանեան, ռուսական եւ թրքօ-ազերիական հաշիւներու խաչաձեւում, ինչ որ վերոյիշեալ ներդաշնակութիւնը կը դարձնէ ժամանակաւոր:
Ա ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ճամբու քարտէզը, ինչպէս նշեցինք, վերջին տարիներուն կը թուի կորսուած ըլլալ: Այս կորուստը չի համեմատուիր կատակերգական այն ժապաւէններուն, որոնք գործածեցին «Կորսուած Հայաստանի մէջ» կամ «Կորսուած եւ գտնուած Հայաստանի մէջ» խորագիրները…: Եթէ Ուքրանիոյ պատերազմին բռնկումէն ու 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, Հայաստան ունէր որոշ ուղեցոյց եւ անոր հիմամբ՝ առաւել կամ նուազ չափով կը յարաբերէր, օրինակի համար՝ Մինսքի խումբին եւ այլոց հետ, վերջին տարիներուն, ըստ ամենայնի շատ բան կորսուած է եւ մատնուած՝ անորոշութեան: Եւ հարցը միայն այն չէ, որ Հայաստան դրուած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ընտրութիւն կատարելու հարկադրանքին դիմաց, այլ նաե՛ւ այն է, որ Երեւանի մէջ չկայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ ԴԱՍՈՂ եւ այդ շահերէն մղում առնող բազմակողմանի, համապարփակ ծրագիր մը, ճամբու քարտէզ մը (նշեցինք որ կան մասնակի եւ յարգելի ծրագիրներ), հետեւաբար, ըստ ամենայնի ճիշդ են այն մեկնաբանութիւնները, որ Հայաստան դադրած է ԵՆԹԱԿԱՅ ըլլալէ, դարձած է ՍԵՌԻ ԽՆԴԻՐ, ձեւով մը՝ այս կամ այն ուժի ոտքերուն առջեւ նետուած գնդակ,  կը թռի այն կողմը, ուր զինք կը նետէ տրուած հարուած մը:
Ուրեմն, արդար են այն քննադատութիւնները, թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն ճամբու քարտէզը կը ծառայէ բոլորին՝ թշնամիին թէ բարեկամ նկատուածներու շահերուն, բացի… Հայաստանի շահերէն: Պէտք չունինք ցանկագրելու: Տեղ մը արտասովոր խանդով կը վազեն դէպի Արեւմուտք, կը դաւանին, թէ ՀԱՊԿ-ին հետ պէտք է կապերը սահմանափակեն, մինչեւ իսկ՝ խզեն, կ’իյնան Ռուսիան մեր տարածաշրջանէն վանելու ձգտող ուժերուն դաշտին մէջ, յետոյ կը յիշեն, թէ Ռուսիոյ հետ ունին դաշնակցային կապեր, կը մոռնան, որ քանի մը օր առաջ դրժած էին այդ իրականութիւնը, ունին տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութիւն, շնորհակալութեան խօսքեր կը շռայլեն Մոսկուայի վարիչներուն: Ճամբու քարտէզի մը անյստակութիւնը, չըսելու համար՝ բացակայութիւնը, Երեւանը կը մատնէ այլ տեսակի այլանդակութիւններու, ինչպէս՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը, Հայաստանէն (Սիւնիք, Տաւուշ եւ այլուր) անվիճելի հողեր Ատրպէյճանին նուիրելու պատրաստակամութիւնը (իբրեւ յաւելուած՝ արդէն իսկ նուէր տրուածներուն եւ բռնագրաւուածներուն), Հայաստանի ապահովութեան համար երաշխաւորներու անտրամաբանական որոնումները (մինչեւ իսկ Ցեղասպանութիւն գործած, Արցախի դէմ ոճրագործներ արձակած եւ Ալիեւի ձեռքով նոր ցեղասպանութեան պատրաստուող Թուրքիոյ շալվարէն կախուիլը):
Եթէ մեր կարկինը քիչ մը աւելի տարածենք, կրնանք հակիրճ կերպով խօսիլ ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐ հետապնդող այլ՝ մեծ ու նուազ մեծ ուժերու, երկիրներու եւ խմբակներու մշակած ու հետապնդած ճամբու քարտէզներուն մասին, քարտէզներ՝ որոնց այս կամ այն գիծը կ’անցնի նաեւ Կովկասէն (Հնդկաստան, Չինաստան, արաբական աշխարհ եւ այլք), սակայն այս սիւնակին սկզբնաւորութեան նշեցինք, որ կանգ պիտի առնենք մեզի հետ անմիջականօրէն կապ ունեցողներուն վրայ, մնացեալին մասին հետեւութիւնները ձգելով ընթերցողի դատողութեան:
Արդ, Հայաստան այսօր անյետաձգելի կարիքն ունի ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԷ բխող ճամբու ամբողջական քարտէզի մը: Քարտէզ՝ որ պիտի ըլլայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ մարմնաւորումը եւ պտղաբերումի պիտի հասցնէ հասունացած մթնոլորտը: Եւ այդ քարտէ՛զն է, որ պիտի տայ պատասխանը այն հարցումին, թէ «այսօրուան իշխանութեան հեռացումը պահանջողները աւելի լաւ բան մը ունի՞ն»: Արդարեւ, առանց աւելի լաւ փոխարինողի մը՝ պայքարը ըստ էութեան պիտի շարունակէ դառնալ նոյն փակ օղակին մէջ:
Իսկ թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմել փոխարինող եւ փրկութիւնը ԳՈՐԾԻ ՃԱՄԲՈՒ ՄԷՋ ԴՆՈՂ ՔԱՐՏԷԶը՝ յաջորդիւ:
(Բ.-ի շար. 2 եւ վերջ)
Ս. Մահսերէճեան