25 Յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգով Ստեփանակերտի Վերածնունդի եւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակներուն վրայ սկսաւ համաժողովրդական հանրահաւաք՝ Արցախի ապաշրջափակման եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պահանջով:

«Կը պահանջենք ՀՀ իշխանութիւններէն հրաժարելու Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու մտայղացումէն, Արցախն ու Արցախի ժողովուրդը չեն կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած է Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան։

Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանն Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ յայտարարած է «Արցախը ենթակայ չէ վաճառքի։ Արցախը Աստուածապարգեւ Հայաստան աշխարհի անմնացորդ մասն է։ Արցախը՝ սրբութիւն ու հող է։ Արցախը ՝ պատմութիւն ու ժողովուրդ է։ Այսօր կանգնել Արցախի կողքին, կը նշանակէ կանգնել մեր խիղճի եւ արդարութեան կողքին, կանգնել քաղաքակրթութեան և մարդու իրաւունքներու կողքին»։