Մոսկուայի մէջ աւարտին հասաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար (այսուհետեւ՝ ԱԳ) Արարատ Միրզոյեանի, Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը:
Բանակցութիւններուն նիւթը Հայաստան-ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը եղած է:
«Այսօր օգտակար բանակցութիւններ վարեցինք մեր գործընկերներուն` Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ», եռակողմ բանակցութիւնները մեկնաբանելով ըսած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Մենք մեր զրուցակիցներուն ուրուագծեցինք ռուսական կողմին գնահատականները` նկատի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ հասած հաղորդումները, այն քայլերուն մասին, զորս ցանկալի է անյապաղ ձեռնարկել` մեկնելով Ղարաբաղի բնակչութեան սնունդով, դեղորայքով, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով, անխափան ելեկտրային ջերմուժով եւ կազամատակարարումով ապահովելու շահերէն: Ասիկա կը բխի հասարակ մարդոց, հայերուն, տարածաշրջանի բնակիչներուն շահերէն», ըսած է ան:
Լաւրով յայտնած է, որ Ռուսիա, որպէս խաղաղ գործընթացի առանցքային միջնորդ շահագրգռուած է ճգնաժամի շուտափոյթ հանգուցալուծմամբ` Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ 2020, 2021 եւ 2022 թուականներուն ընդունուած եռակողմ յայտարարութիւններուն համապատասխան (1, 2, 3, 4):
Ապա աւելցուցած է, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են նաեւ 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ հաղորդակցական միջոցներու ապաշրջափակման դրոյթին:
Ըստ Լաւրովի, հանդիպումին առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած են սահմանազատման հարցերը, որոնք ,սերտօրէն կապուած են քննարկուող հարցերու ամբողջ շարքին հետ, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ըստ կարելւոյն շուտ խաղաղութեան պայմանագրութիւն կնքելու հարցերուն»:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս պայմանագրութեան ստորագրումը կը դառնայ բանակցային մեծ գործընթացի գագաթնակէտը, որը կաւարտի հայերու եւ ատրպէյճանցիներու ջանքերուն ներքեւ, որոնք նախաձեռնուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եռակողմ հանդիպումներու ընթացքին: Ճամբան դիւրին չէ: Բազմաթիւ բարդ ու կարեւոր խնդիրներ կան լուծելու: Անոնցմէ ամենազգայունը եղած է եւ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան երաշխաւորման հարցը` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ապահովման համատեքստին մէջ` 1991 թուականի Ալմա-աթայի մէջ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած հռչակագիրին համաձայն: Անոր արդիւնաւէտութիւնը այսօր հաստատուած է ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Անոր համապատասխան, կը կառուցուի խաղաղութեան պայմանագրութեան վրայ աշխատանքը», յայտնած է ան:
Լաւրովի խօսքով` ատրպէյճանական կողմը ,պատրաստ է փոխադարձ հիմունքներով նոյն երաշխիքները տրամադրել իր տարածքին մէջ ապրող անձանց նկատմամբ, հայերը պատրաստ են նոյնը ընել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնակող քաղաքացիներուն նկատմամբ բոլոր համաձայնութիւններու կիրառման հարցով»: