Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը 2 Օգոստոսին կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամը:

Միրզոյեան շեշտած է Բերձորի միջանցքի փակման անյապաղ վերացման հրամայականը` համաձայն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուարի եւ 6 Յուլիսի որոշումներուն, եւ Լեռնային Ղարաբաղի սնունդի, դեղորայքի եւ առաջնային անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարման հրատապութիւնը:

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, ընդգծուած է Լեռնային Ղարաբաղ մուտք ունեցող միակ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի լիարժէք եւ անխափան գործունէութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Միրզոյեան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում որակած է Լեռնային Ղարաբաղէն բժշկական նպատակով Հայաստան տեղափոխուող Վագիֆ Խաչատրեանի` Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւններուն կողմէ առեւանգման դէպքը:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու` միջազգային մեքանիզմի տակ հասցէագրման կարեւորութեան հարցին մէջ հայկական կողմի դիրքորոշումը: Ընդգծուած է միջազգային գործընկերներու կողմէ յստակ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման ուղղուած քայլերը:

Պորել իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Բերձորի միջանցքի շտապ վերաբացման` Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութեան փոխադրումը կարելի դարձնելու համար:

«Կարեւոր է վերադառնալ անկեղծ երկխօսութեան, ներառեալ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ», գրած է Եւրոպական Միութան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը: