Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի երկիրներու հետ պատուիրակութեան նախագահ Մարինա Կալիւրանդը, Հայաստանի հարցով մշտական զեկուցող Անտրէյ Կովաչեւը եւ Ատրպէյճանի հարցով մշտական զեկուցող Ժելեանա Զովկօն 1 Օգոստոսին հանդէս եկած են Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակի շուրջ միատեղ յայտարարութեամբ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի փոխանցումով, յայտարարութեան հեղինակները պատշաճ եւ քաղաքական յստակ գնահատականներով ներկայացուցած են ատրպէյճանական շրջափակման արդիւնքով Արցախի մէջ սրընթաց վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը՝ նկատելով, որ Ատրպէյճան այդպիսով կը խախտէ  9 Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ նախատեսուած իր պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուար 2023-ի իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումը, որ վերահաստատուած է նաեւ 6 Յուլիսին:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները, ի թիւս այլոց, դատապարտած են մարդասիրական մատակարարումներու շարունակական շրջափակումը եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութեան քաղաքականացումը: Պատգամաւորները յիշեցուցած են, որ 15 Մարտ 2023-ին Եւրոխորհրդարանը կոչ ուղղած էր Խորհուրդին, որ ,եթէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 22 Փետրուար 2023 -ի որոշումը անյապաղ չկատարուի, նպատակային պատժամիջոցներ կիրառուին Ատրպէյճանի կառավարութեան պաշտօնատար անձանց նկատմամբ:
Անոնք նաեւ յիշեցուցած են, որ 13 Յունիս 2023-ին Եւրոպական Խորհըրդարանի լիագումար նիստին  Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը պարտաւորուած է խորհուրդին մէջ բարձրացնել նման պատժամիջոցներու սահմանման հարցը:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, մեկնաբանելով ընդունուած յայտարարութիւնը, նկատած է.
«Եւրոպական Խորհրդարանը, ի դէմս Հարաւային Կովկասի հարցերով թերեւս ամենատեղեկացուած երեք պատգամաւորներու, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ բաւական առարկայական յայտարարութիւն ընդունած է, պատգամաւորներու քաղաքական սկզբունքայնութիւնը արժանի է յարգանքի: Այս յայտարարութիւնը պէտք է դիտել յետպատերազմեան շրջանին Եւրոպական Խորհրդարանի՝ Ղարաբաղեան հիմնահարցին առնչուող յայտարարութիւններու տրամաբանութեան մէջ:  ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը երկար տարիներ, իսկ պատերազմէն յետոյ աւելի աշխուժօրէն կ’աշխատի Եւրոպական Միութեան կողմէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ թիրախային պատժամիջոցներու կիրառման նպատակով եւ գնահատելի է, որ Եւրոպական Խորհրդարանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ այդ գաղափարին, որ ամբողջութեամբ բիւրեղացած է վերջերս՝ Արցախի ատրպէյճանական շրջափակումէն ետք: Կը կարծենք, որ Եւրոպական Խորհրդարանի արդարացի դիրքորոշումը ի վերջոյ պէտք է տարածուի նաեւ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութեան վրայ եւ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը, յանձնաժողովն ու Եւրոպական Խորհուրդը պէտք է միասնական քաղաքականութեամբ եւ Եւրոպական Միութեան ողջ կարողականութեամբ զսպեն ատրպէյճանական յանցագործ քաղաքականութիւնը»: