Թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ, ԱՄՆ-ի Քլարք համալսարանի փրոֆ. Թաներ Աքչամը «օրբելի» վերլուծական կեդրոնի հարցումին պատասխանելով գնահատած է Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Ան «դասական ցեղային զտման» քաղաքականութիւն որակած է Ատրպէյճանի գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ:
«Էրմէնիհապեր»-ը կը ներկայացնէ Թաներ Աքչամի՝ «օրբելի վերլուծական կեդրոնին տրուած  մեկնաբանութիւնը ամբողջութեամբ.
«Այն դէպքերը, որոնք Ղարաբաղի մէջ մեր աչքին առջեւ կը կատարուին, բացայայտ մարդկային ողբերգութիւն են եւ թէ՛ երկկողմ, թէ՛ միջազգային պայմանագրերու բացայայտ խախտում: Իրավիճակը կարելի է գնահատել որպէս «դասական ցեղային զըտման» քաղաքականութիւն:
Ատրպէյճան Թուրքիայէն իսկ ստացած աջակցութեամբ կը ձգտի վտարել Ղարաբաղի շրջանի բոլոր հայերը եւ վերջ տալ հայերու գոյութեան անոնց պատմական հողերուն վրայ:
Բաւական մեծ է հաւանականութիւնը, որ առայժմ միայն տնտեսական եւ փոխադրական շրջափակումով սկսած
նախաձեռնութիւնը կը վատթարանայ  եւ կը ներառէ բռնութիւն:
Ցաւալին այն է, որ միջազգային հանրութիւնը՝ Ռուսիոյ գլխաւորութեամբ,  կը լռէ այս զարգացումներուն  ի տես եւ  կը բաւարարուի միայն դիտելով: Իմ ողջ յոյսը այն է, որ միջազգային հանրութիւնը դուրս գայ խոր քունէն եւ, Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելով, միջնորդ ըլլայ տագնապի լուծման համար, որ կ’երաշխաւորէ Ղարաբաղի հայերուն հիմնարար մարդու իրաւունքները:
Մարդու իրաւունքները պաշտպանելը եւ անիրաւութիւնները կանխելը ամէն ինչ աւարտելէ  ետք բացուող հովանոց չէ: Ցեղային զտումները եւ/կամ ցեղասպանութիւնները կանխելը կոկորդիլոսի արցունքներ թափել չէ այն բանէն ետք, երբ տեղի կ’ունենան սարսափելի բաներ: Եթէ ցանկութիւն կայ մեծ ողբերգութիւններ կանխելու, աւելի աշխոյժ միջամտութիւն հարկ է  ի գործ դնել:
Իմ ամենամեծ յոյսը այն է, որ անհրաժեշտ միջազգային ճնշումով եւ երկկողմ հանդիպումներով առկայ իրավիճակը հանգուցալուծուի: Մեր սիրտը, մեր հոգին Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ է, որ դէմ առ դէմ յայտնուած է լուրջ սպառնալիքներու»: