Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (այսուհետեւ՝ ԵՀԽ) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (այսուհետեւ՝ ԵԵԽ) վերին մարմիններուն անունով միասնական բաց նամակ մը յղուած է Եւրոպական Միութեան (այսուհետեւ՝ ԵՄ) արտաքին յարաբերութեանց եւ ապահովութեան խորհուրդի պետ Ժոզէփ Պորէլլ Ֆոնթէլէսի, որուն մէջ անոր պոչ ուղղուած է կարելի փութով վերջ տալու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։

ԵՀԽ-ի գլխաւոր քարտուղար Ճերի Փիլա և ԵԵԽ-ի գլխաւոր քարտուղար Յորկէն Սքով Սորենսէն իրենց կողմէ ստորագրուած նամակին մէջ խորին մտահգութիւն յայտնելով Արցախի մէջ ատրպէյճանական շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին մասին, ընդգծած են միջազգային պատասխանատուութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ստիպելու Ատրպէյճանը կատարելու Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի պարտադիր կատարման ենթակայ որոշումները ու Լաչինի միջանցքը բանալով դադրեցնելու Արցախի շրջափակումը։

Սոյն գրութեամբ մանրամասնօրէն ներկայացուած է նաեւ Արցախի մէջ ատրպէյճանական շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, ինչ որ կը դրսեւորուի սնունդի, դեղորայքի, ելեկտրականութեան և վառելանիւթի մատակարարումներու դադարեցմամբ՝ վատ ազդեցութիւն ունենալով 120․000 մարդու, այդ կարգին մանուկներու կեանքի և կենսական պայմաններուն վրայ։

Էքիւմենիք կազմակերպութիւններու գլխաւոր քարտուղարները անդրադարձած են յատկապէս շրջափակման հետեւանքով մարդու հիմնարար իրաւունքներու շարունակաբար ահագնացող խախտումներուն։ Անոնք Ատրպէյճանին և այս հարցին մէջ ներգրաւուած միջազգային դերակատարներուն կոչ ուղղած են անյապաղ ապահովելու Լաչինի միջանցքով մարդոց և ապրանքներու անարգել անցումը, Արցախի ժողովուրդի կարիքներու բաւարարման համար անհրաժեշտ մարդասիրական օժանդակութեան ապահովումը։

Գրութեան հեղինակները ԵՄ-ին եւ ողջ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած են գործուն միջոցներով վերջ տալու Արցախի շրջափակման և պաշտպանելու մարդու հիմնարար իրաւունքները։ Էքիւմենիք գործիչները յոյս յայտնած են, որ կայուն խաղաղութիւնը կարելի կ՚ըլլայ իրականացնել միայն անկեղծ յանձնառութեամբ բանակցութիւններով շահագրգիռ բոլոր կողմերու, որոնք լրջութեամբ կը վերաբերին մարդու բոլոր իրաւունքներուն և հիմնարար ազատութիւններուն՝ հիմնուած փոխադարձ վստահութեան և յարգանքի վրայ։