Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (ՄԱԵԽ) «Արցախի 120. 000 բնակիչները մարդասիրական տագնապի մէջ են» վերնագիրով յայտարարութիւն մը կատարեց՝ կոչ ուղղելով միջազգային համայնքին եւ յատկապէս Ատրպէյճանին անյապաղ վերջ տալու Արցախի շրջափակումին: Նոյն կոչին մէջ, անդրադարձ կատարելէ ետք Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած մարդասիրական տագնապին առնչուած զանազան երեւոյթներուն ու հետեւանքներուն, Եկեղեցիներու Խորհուրդը անընդունելի կը նկատէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին փակումը՝ զայն նկատելով մարդկային ոճիր եւ հակառակ միջազգային օրէնքին: Ներկայ պայմաններուն մէջ, Խորհուրդը ընկերային ցանցերը ազդու միջոց կը նկատէ աշխարհին ուշադրութեան յանձնելու Արցախի տագնապը, նկատի ունենալով Ատրպէյճանի շարունակուող անտարբերութիւնը՝ միջազգային իրաւական եւ քաղաքական կառոյցներու կոչին նկատմամբ: