ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը արտակարգ նիստ պիտի գումարէ Հայաստանի պահանջով․ պաշտօնական Երևանը պնդած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղը շրջափակուած է, եւ 120 հազար մարդ կանգնած է սովի եւ լիարժէք մարդկային աղէտի առջեւ», հաղորդած է Associated Press-ը։
Նիստը գումարելու համար ՄԱԿ-ի Հայաստանի դեսպան Մհեր Մարգարեան դիմած է Ամերիկայի դեսպանին, որ այս ամիս կը նախագահէ Անվտանգութեան Խորհուրդին։
Դեսպան Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտի ուղղուած նամակին մէջ Մարգարեան պնդած է՝ 15 Յունիսէն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի ամբողջական շրջափակումը սննդամթերքի, դեղորայքի եւ վառելիքի խիստ պակաս յառաջացած է։

«Կանխամտածուած կերպով բնակչութեան համար անտանելի կենսապայմաններու ստեղծումը ոչ այլ ինչ է, քան զանգուածային վայրագութիւն, որ կը թիրախաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ժողովուրդին՝ ստիպելու անոնց լքելու իրենց հայրենիքը», գրած է Հայաստանի դեսպանը՝ ընդգծելով, որ Ղարաբաղի հայերը կեցած են գոյութենական վտանգի առջեւ։

Ըստ այդմ, պաշտօնական Երեւանը կոչ ուղղած է, որ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար պատասխանատու Անվտանգութեան Խորհուրդը «կանխէ զանգուածային վայրագութիւնները՝ զինուորական յանցագործութիւնները, ցեղային զտումները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը»։

Մարգարեան նաեւ մեղադրած է Ատրպէյճանը Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կնքուած զինադադարը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ Փետրուար եւ Յուլիս ամիսներու որոշումները խախտելու համար։ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դատարանը արձանագրած էր, որ Ատրպէյճան պէտք է «ձեռնարկէ բոլոր միջոցները՝ Լաչինի միջանցքով մարդոց, երթեւեկային միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը ապահովելու համար», ըսած է Հայաստանի դեսպանը։

Անցեալ շաբաթ Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազը եւս զգուշացուցած էր, որ Ատրպէյճանը ցեղասպանութիւն կը նախապատրաստէ հայերու դեմ, կոչ ուղղելով Անվտանգութեան Խորհուրդին այդ հարցը ներկայացնել միջազգային հարթակ։ Ամիսներ շարունակուող շրջափակման հետեւանքով «խելամիտ հիմքեր կան ենթադրելու, որ ցեղասպանութիւն իրագործուած է», ընդգծած էր Լուիս Մորէնօ Օքամփօն։