ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արցախէն Հայաստան տեղափոխուող անձերու առեւանգումին մասին:

Յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Այսօր՝ 28 Օգոստոսին, Լաչինի միջանցքին մէջ տեղադրուած ապօրինի անցակէտին վրայ, Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու կողմէն առեւանգուած են Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներ Ալէն Սարգսեան, Վահէ Յովսէփեան եւ Լեւոն Գրիգորեան։ Տեղափոխութիւնը նախապէս համաձայնուած էր եւ կ’իրականացուէր ռուսական խաղաղապահ ուժերուն ուղեկցութեամբ, որոնք 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին համաձայն իրենց վերահսկողութեան տակ պիտի պահէին Լաչինի միջանցքէն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անխափան կապը։ Նշեալ անձերը Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած էին՝ շարունակելու իրենց ուսումնառութիւնը։

Ատրպէյճանի այս քայլը, որուն 29 Յուլիսին նախորդած էր Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի կողմէն անյապաղ բժշկական օգնութիւն ստանալու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգումը, 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի՝ իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումներու կոպտագոյն խախտում է եւ բացայայտ արհամարհանք միջազգային հանրութեան՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներուն աներկբայ եւ հասցէական կոչերուն։

Տարբեր կեղծ պատրուակներով տեղի ունեցած այս միջադէպերը թոյլ կու տան հիմնաւոր մտավախութիւն ունենալու, որ Ատրպէյճան անթաքոյց կերպով կը ծրագրէ հաւաքական պատիժի ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի ողջ ժողովուրդը, որ նախորդ դարու 90-ականներուն եւ 2020-ին ստիպուած էր դիմակայել Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակումներուն եւ պաշտպանել սեփական հայրենիքի մէջ խաղաղ կենսագործունէութիւն ծաւալելու իր իրաւունքը։

Անկախ տարիքէն, սեռէն, առողջական վիճակէն, Լեռնային Ղարաբաղի ողջ բնակչութիւնը բոլոր հիմնարար իրաւունքներէն զանգուածաբար զրկելու, սովամահութեան ենթարկելու, դեղորայքի, շտապ օգնութեան ապրանքներու, կազի, ելեկտրականութեան մատակարարումները արգելակելու, դիպուկահարներու կողմէն քաղաքացիական անձերու թիրախաւորման եւ առեւանգումներու միջոցով ողջ ժողովուրդը ահաբեկելու, Լաչինի միջանցքի արգելափակումով անոր այս քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան իրական նկրտումները՝ ամէն ձեւով խուսափելու Լեռնային Ղարաբաղի հետ երկխօսութենէն եւ փոխարէնը շարունակելու ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը։ Տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու քայլերուն աջակցելու փոխարէն, ատրպէյճանական կողմը ակնյայտօրէն իր ողջ ջանքը ներդրած է զանոնք տապալելու մէջ:

Տեղի ունեցող զանգուածային ոճրագործութեան կանխարգիլումը՝ կարելի եղած ողջ գործիքակազմի կիրառումով, իրավիճակին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր դերակատարներուն եւ ընդհանուր առմամբ քաղաքակիրթ աշխարհին ստանձնած անմիջական պարտաւորութիւնն է»: