Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2023-ին, աւելի քան ժամ մը, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) դեսպան Տորոթի Շիային հետ:

Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ վիճակին՝ յայտնելով, որ «Արցախի տագնապը սոսկ մարդասիրական տագնապ ըլլալէ անդին իր էութեամբ քաղաքական խնդիր է Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքին առնչուած»: Ապա, Հայրապետը ըսաւ, թէ «Ազրպէյճան մարդասիրական տագնապ ստեղծեց աւելի քան 120.000 ժողովուրդ սովի մատնելով, որպէսզի կարենայ ինքնորոշման անոր իրաւունքը մոռացութեան դատապարտել՝ կա՛մ Արցախը իր հայ բնակչութենէն պարպելով եւ կա՛մ սովի ու ցեղային խտրականութեան ենթարկելով անոր հայ բնակչութիւնը»: Գնահատելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն ցուցաբերած զանազան ձեւի զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին, Հայաստանին եւ Արցախին նկատմամբ, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը կը սպասէ աւելին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ յատկապէս Սփիւռքի հայութեան խոր ընդվզումին եւ զանազան գաղութներէ ներս տեղի ունեցող բողոքի արտայայտութիւններուն:

Դեսպանը մօտէն ծանօթ ըլլալով Արցախի հարցին թէ՛ պատմական եւ թէ՛ քաղաքական երեսներուն, խոստացաւ Վեհափառ Հայրապետին մտածումները եւ սպասումները փոխանցել Ամերիկային Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ տեղեկութիւններու եւ մօտեցումներու փոխանակում, յատկապէս շուրջ երեք ամիսներ առաջ Նորին Ս. Օծութեան եւ դեսպանին ունեցած հանդիպումէն ետք կատարուած զարգացումներու լոյսին տակ: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ անյապաղ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ պետութիւնը մղել բարեկարգութեան գործընթացքի, յատկապէս ընկերային-տնտեսական մարզէն ներս: