Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8-րդ թիւը, որ առանձնայատուկ է այն իմաստով, որ ամբողջովին նուիրուած է ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներուն` երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու գործունէութեան: Կարելի է հաստատապէս ըսել, որ այս թիւին մէջ լուսարձակի տակ կը բերուին անոնց գլխաւոր նպատակը, հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ հայ երիտասարդութեան կատարելիքները, դաշնակցական երիտասարդութեան դերակատարութիւնը` անցեալին, ներկայիս ու ապագային:

Այս թիւը այս նիւթին նուիրելու առիթ հանդիսացաւ այն իրողութիւնը, որ, ՄԱԿ-ի որոշումով, իւրաքանչիւր տարուան 12 Օգոստոսին կը յիշատակուի Երիտասարդութեան միջազգային օրը: Ասիկա սակայն միայն առիթն է, իսկ, ինչպէս վերը յիշուեցաւ, պատճառը հայ երիտասարդութեան, մասնաւորաբար դաշնակցական երիտասարդութեան ընելիքներուն հարցն է հայութեան համար ներկայի պատմական բախտորոշ փուլին:

Ներկայացած նիւթերը բազմազան են, անոնց ընդմէջէն կարելի է պատկերացում կազմել Դաշնակցութեան երիտասարդական-ուսանողական-պատանեկան միութիւններու գործունէութեան մասին, անդրադարձ կը կատարուի ՀՅԴ ուսանողական միութիւններու ծննդեան ու ձեւաւորման շրջանին, միութիւններու գործունէութեան բազմաթիւ ոլորտներուն եւ ճակատներուն: Գաղափարական-քաղաքական ակնոցով քննութեան նիւթ կը դառնայ ազգային-պետական առկայ հիմնահարցերու, Արցախի համար ճակատագրական իրողութիւններու պայմաններուն մէջ մարտավարական եւ ռազմավարական բնոյթի արժէքներու դաւանելու, մարտահրաւէրներուն դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը:

«Դրօշակ»-ի այս թիւը կարելի է ընթերցել այցելելով

https://www.arfd.am/