Իրանի արտաքին գործոց նախարար (ԱԳ) Հուսէին Ամիր Ապտուլլահեան յայտարարած է, որ Իրան չ՚արտօներ սահմանափակել կամ փակել իր պատմական կապը Հայաստանի հետ։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս», վկայակոչելով իրանական IRNA գործակալութիւնը, Իրանի արտաքին գործոց նախարարը այս մէկը յայտնած է Al-Vefagh թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

Կը յիշուի, որ Իրանի ԱԳ նախարարը այդ մասին խօսած է՝ անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի առկայ զարգացումներուն։