«Արմէնփրէս». Մոսկուան պատրաստ է շարունակել երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ:

Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին։

«Մենք միշտ պատրաստ ենք երկխօսութեան մեր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ։ Երբ անոնց հետ որոշենք մեր յաջորդ նախաձեռնութիւնները, անպայման կը տեղեկացնենք լրագրողներուն», «РИА Новости»-ն մէջբերած է Կալուզինի խօսքերը՝ ի պատասխան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ կարելի հանդիպումին մասին հարցումին։