Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց բանուորներու արհմիութիւններու համաշխարհային միութեան ընդհանուր քարտուղար Փամփէս Խրեսթսը։
Հանդիպումին ընթացքին նախագահը շեշտեց, որ բանուորներու համաշխարհային միութիւններու դերակատարութիւնը անմիջական կապ ունի արդարութեան գաղափարին եւ անոր իրականացման հետ։ Սոյն գաղափարէն մեկնելով, Սուրիոյ եւ բանուորներու արհմիութիւններու Համաշխարհային Միութեան յարաբերութիւնը հին է, սկիզբ առած է դրամատիրութեան եւ համաշխարհային ուժերուն միջեւ բախումէն։
Նախագահ Ասատ աւելցուց. «ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մէջ հսկայ ընկերութիւններ կ’ուղղեն քաղաքական որոշումները։ Անոնք նոյնիսկ պատերազմներ կը ստեղծեն ի նպաստ իրենց տնտեսական եւ ֆինանսական շահերու իրականացման։ Պաղեստինեան հողերուն վրայ պատահածը փաստն է այս իրողութեան։ Անոնք կ’ընդունին, որ Պաղեստինի մէջ անմեղ քաղաքացիներու  ցեղասպանութիւն կատարուի՝ պարզապէս այն պատճառով որ պաղեստինցիները իրենց իրաւունքները կը պաշտպանեն»։