Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ խորհրդակցական նիստ մը ունեցաւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանագիտական հատուածի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ տեղի ունեցած ռազմական եւ քաղաքական դէպքերը, ստորագրուած դաշինքները, շարունակական բախումները եւ այլն։
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ վաղուց արդէն ամերիկեան քաղաքականութեան էութիւնը ռազմական սաստկացում եւ թոհուբոհ ստեղծելն է, իրմէ ետք նոյն քաղաքականութիւնը կ՚որդեգրէ Եւրոպան, ինչ որ ոչ միայն բարոյական անկումի մասին կը վկայէ, այլեւ մտաւորական։
Նախագահ Ասատ աւելցուց, որ եւրոպական լրատուամիջոցներ Կազզայի պատկերը մակերեսային եւ ցեղապաշտական ձեւոով կը փոխանցեն մէկ կողմէ, իսկ կողմէ սուտերով եւ զրպարտութիւններով ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն։ Ապա շեշտեց, որ Կազզայի մէջ տեղի ունեցածը արաբական գիտակցութեան եւ խիղճին մէջ պաղեստինեան դատը իր իսկական դիրքին վերադարձուց։