Քեսապի մէջ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը սուրիահայ նահատակներուն , որոնք ինկան Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին կամ նահատակուեցան Արցախի 44-օրեայ պատերազմին, Շուշիի բարձունքներուն:

Արդարեւ, Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2023-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Սուրիոյ եւ Շուշիի մէջ նահատակուած հերոսներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Պատարագէն ետք ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից «Սահակեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ եւ յիշատակի ոգեկոչում:

Ընթերցուեցաւ օրուան խորհուրդը ամփոփող խօսքը, ուր ըսուեցաւ.
«Անգամ մը եւս միասնաբար կ’ոգեկոչենք յիշատակը սուրիահայ նահատակներուն, որոնք ինկան պարտականութեան ճամբուն վրայ Սուրիոյ մէջ կամ զոհուեցան Արցախի բարձունքներուն, Շուշիի մատոյցներուն:

Անոնք գիտակցաբար ընտրեր էին ընթանալ փշոտ, այլապէս արժանապատիւ ճամբայէ՝ յանուն ժողովուրդի ու հայրենիքի, որոնց հանդէպ իրենց սէրն ու նուիրումը անչափելի է. Իրենց օրինակը ընդօրինակելի է եւ իրենց գերագոյն զոհողութիւնը ազգային գոյերթին ճամբան կը լուսաւորէ: Մենք սերունդ ենք , որ կը դաստիարակուի հերոսներու օրինակը կեանքի ուղեցոյց ունենալով: Սուրիահայ նահատակները մեր բոլոր հերոսներուն պէս մեզի կը յուշեն արդարութեան համար պայքարիլ ու չյոգնիլ, ժողովուրդի սիրոյն յանձն առնել զոհողութիւններ ու չգանգատիլ: Կը յիշենք մեր նորօրեայ հերոսները անուն առ անուն: Եկէք խոնարհինք անոնց յիշատակին առջեւ, եւ մեր գլուխները բարձր պահենք անոնց կատարած սխրալի կենսագործութեան դիմաց: Անոնք կ’ապրին մեր մէջ: Հաւատարիմ մնանք անոնց ընտրած գաղափարական ուղիին, եւ հայութեան մե՜ծ երազանքին, որ է՝ Հայաստանը տեսնել ազատ, անկախ ու միացեալ: Այդ տեսլականի կրողն էին մեր նահատակները: Այդ տեսլականի ճամբուն վրայ զոհաբերեցին իրենց կեանքը, այդ տեսլականը անմառ է: Անկարելի է զայն խլել հայրենասէր ու ազգասէր հայ մարդէն:
Պայքարի կոչն է որ կը հասնի մեզի մեր նահատակներէն: Ազգովին ունկնդիր մնանք այդ կոչին՝ մանաւանդ ներկայ փուլին, երբ Արցախի կորուստը ցաւ պատճառող, կոտտացող բաց վէրք է իւրաքանչիւրիս համար:

Արցախի մեր նահատակները կը պատգամեն, որ Արցախը հայկական է ու պիտի մնայ հայկական: Ունկնդիր մնանք անոնց այս պատգամին:
Սուրիոյ մէջ զոհուած նահատակները մեզի կը պատգամեն, որ մեր ժողովուրդին համար ոչ միայն կ’արժէ ապրիլ ու գործել, այլ ի հարկին նաեւ զոհուիլ:

Բոլորը մէկ կը պատգամեն, որ դժուարութիւններու առջեւ չընկրկինք ու չվհատինք: Մէկդի դրած ամէն ձեւի եսասիրութիւն, անհատական սին փառատենչութիւն ու հատուածական մրցակցութիւն՝ խիզախութեամբ եւ անձնուիրաբար, ծառայենք մեր ժողովուրդին՝ ձեռք ձեռքի տուած:
Անոնք մեզի կը սորվեցնեն ականջ դնել պայքարի զօրակոչին եւ զինուորագրուիլ հայ դատին եւ ոչ թէ թուլամորթ ու անկամ յանձնուիլ պարտուողական յորձանքին:
Մեր նահատակներուն պայքարի կոչը անլռելի ղօղանջ է , որ անտարբեր հայը զգաստանայ, զգաստը՝ ըմբոստանայ, ըմբոստը՝ պայքարի ելլէ, հայը հայրենիքի մէջ ու սփիւռքի տարածքին իբրեւ ազգ՝ դառնայ մէ’կ սիրտ ու մէ’կ հոգի:

Մեր նահատակներուն պէս, հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ անսահման սիրով ոգորուած՝ ընթանանք առաջ՝ ազգային միասնականութեան ջահը բարձր պահած:
Այս է կտակը մեր նահատակներուն:
Այս է անոնց պահանջածը մեզմէ:
Յաւերժ փառք մեր հերոս նահատակներուն»:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ասմունք, որմէ ետք տեսերիզով ցուցադրուրուեցաւ ընկ. Ռաֆֆի Պչագճեանի եւ Շուշիի նահատակներուն՝ ՝ հրամանատար ընկ. Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սէքլէմեանի մասին վկայութիւններ:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Քեսապի հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր տեսուչ հայր Անդրանիկ վարդապետ Քիւրիւմեան, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց օրուան նահատակներուն ոգեկոչման նուիրուած հաւաքը:
Ներկաները նահատակներուն հայրենասիրութեան օրինակով եւ վերանորոգ ուխտով մեկնեցան սրահէն:

Մարինա Բենդէզեան