ՍՕԽ-ի Գամիշլիի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութիւնը միշտ պատնէշի վրայ կանգնած է ու պատրաստ է օժանդակելու գաղութի զաւակներուն բազմապիսի կարիքներու ապահովման, նկատի ունենալով երկրի տնտեսական դժուար պայմանները։ Առ այդ, վարչութիւնը իր ծրագրին մէջ յատուկ բաժին մը տրամադրած է վարժարաններու նիւթական ներդրումին։
ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան անդամ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեան, վարչութեան ու յանձնախումբի անդամները Գամիշլիի ազգային նախակրթարան այցելեցին եւ աշակերտներուն բաշխեցին հայերէնի եւ կրօնի դասագիրքերը, անոնց մաղթելով բեղուն տարեշրջան, փայլուն ապագայ եւ յարատեւ վերելք, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլան նաեւ ծառայելու իրենց ազգին ու համայնքին։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն