Էլեկտրոնային տարբերակով արդէն հասանելի է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2023_ի 3-րդ թիւը, որուն տպագիր օրինակները ընթերցողներուն կ’առաքուին յառաջիկայ օրերուն։

Քանի մը օրէն լոյս պիտի տեսնէ նաեւ մշակութաբան Արմինէ Տիգրանեանի անգլերէն մենագրութիւնը՝ «MECHANISMS FOR PROTECTION OF THE ARMENIAN CULTURAL HERITAGE OF ARTSAKH in the international system for preservation of heritage»՝ որպէս «Վէմ» մատենաշարի 6-րդ հատոր։
«Վէմ» հանդէսի 2023_ի 3-րդ թիւի հրապարակումները մեր ազգային կեանքին մէջ իրար յաջորդող ողբերգութիւններու նախնական արձագանգն են։

Խմբագրականը Արցախի հայաթափումին փաստի սեփական գնահատականը տալու, նոր կորուստներէն խուսափելու համար մեր ազգային միտքին մեռեալ վիճակը յաղթահարելու եւ ապագայի որոշակի հեռանկար ուրուագծելու փորձ է։
«Վէմ»-ի փոխխմբագիր Ռուպինա Փիրումեան մէկ այլ ցաւալի կորուստի մասին ամփոփ ներկայացուցած է ականաւոր պատմաբան ու հայագիտութեան երախտաւոր Ռիչարտ Յովհաննիսեանի գիտական վաստակի ու Հայ Դատի պայքարի մէջ անոր ներդրումի գնահատականը։

Մեր ազգային միտքը ցնցելու նպատակով հարկ կը համարենք հրապարակել նաեւ ՀՅԴ հիմնադիր Քր. Միքայէլեանի 1885_ին գրած առաջին քաղաքական թռուցիկի ամբողջական բնաբանը, որուն բնագիրը Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ գտած ու համապատասխան ծանոթագրութիւններով ընթերցողին կը ներկայացնէ պատմաբան Գոհար Աւագեան։ Ուշադիր ընթերցողը կը հասկնայ, որ «Հայ Եղբայրներ Եւ Հայ Քոյրեր» վերտառութիւնը կրող՝ դաշնակցական միտքի այդ առաջին արգասիքը կարծես մեր օրերու համար գրուած է։
«Վէմ»-ի հիմնական բաժիններուն մէջ հրապարակուած հիմնարար ուսումնասիրութիւններու կողքին 2023_ի 3-րդ համարին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է հայ ազատագրական շարժումի ռահվիրա Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսի գործունէութեան մասին նորայայտ նիւթերու փաթեթին: