29-30 Հոկտեմբերին հայ ժողովուրդին իրենց աջակցութիւնը յայտնելու եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն հետ հանդիպումներ ունենալու համար Հայաստան կը գտնուէր Եւրոպական Խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր Նիքոլաս Պեյի,  իտալացի պատգամաւոր Վինչենցօ Սոֆոյի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ֆրանսական  «ReconquՍte» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիօն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցած են ՀՀ ընտրուած պաշտօնեաներու եւ քաղաքական առաջնորդներու հետ, որոնց հետ քննարկուած են ստեղծուած իրավիճակի եւ Ատրպէյճանի Արցախ ներխուժման գծով եւրոպական տարբեր պետութիւններու արձագանգներուն հետ առնչուող հարցերու լայն շրջանակ։
Մասիս եւ Վարդենիս քաղաքներուն մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպած են Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ ընտանիքներուն, լսած անոնց պատմութիւնները, ծանօթացած հարցերուն։
Պատուիրակութեան անդամները մտադիր են շարունակել եւրոպական հարթակներու վրայ բարձրաձայնումը Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ ջանքեր գործադրել, որպէսզի  Եւրոպական Միութիւնը դիւանագիտական եւ տնտեսական գործուն քայլեր ձեռնարկէ ատրպէյճանական զինուորական յարձակումներու զսպումին եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն շահերուն պաշտպանութեան գծով։