Հակառակ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը ԱՄՆ-ի համար կը շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ։ «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակի առաջին տեղակալ Վետանթ Փատել։
Ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողը յիշեցուցած է Սեպտեմբերին ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու այն յայտարարութիւնը, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են Ուաշինկթըն ղրկել իրենց պաշտօնեաները՝ հերթական հանդիպումի, եւ հարցուցած է, թէ արդեօ՞ք Ուաշինկթըն տակաւին երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւններու համար կարելի տարբերակ է։
«Անկախ աշխարհի մէջ կատարուածներէն, որոնք շատ մեծ ուշադրութեան կ’արժանանան այս սենեակէն ներս, այդ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւնը կը շարունակէ մեզի համար, պետական քարտուղար Պլինքընի համար առաջնահերթութիւն մնալ, եւ այդ հարցին մէջ այս գերատեսչութիւնը կը շարունակէ ներգրաւուած մնալ», պատասխանած է Վետանթ Պատել։