Մենք ամէն բան պէտք է ընենք, որպէսզի վերադառնանք Արցախ՝ տիրոջ կարգավիճակով:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սեյրան Օհանեան:
«Արցախեան հակամարտութիւնը չէ աւարտած։ Ատրպէյճան իր յանցագործ կեցուածքով զայն աւելի խորացուց։ Ու թէեւ բոլորս մեծ ցաւ կ’ապրինք այսօր, սակայն ցաւը անտրտունջ տանելը քիչ է՝ պէտք է պայքարիլ։
Ոչ ոք կրնայ զրկել հողը մայրութենէն։
Ոչ ոք կրնայ զրկել մեզ մեր Մայր հողէն։
Ան մեզի կը սպասէ։
Եւ մենք ամէն բան պէտք է ընենք, որպէսզի վերադառնանք Արցախ՝ տիրոջ կարգավիճակով։
Իսկ անոր համար հայ ժողովուրդի միասնական կամքն ու գործողութիւնները, հայկական երկու պետութիւններու ամբողջ ներուժը կիրառելը եւ միջազգային ընդունուած ձեւաչափով բանակցային գործընթացի արագ վերականգնումը այլընտրանք չունին։
Դանդաղիլը, յապաղիլը շատ վտանգաւոր են ու կործանարար», գրած է Սէյրան Օհանեան։