ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէն (ՎԿ) առաջին անգամ ըլլալով հրապարակած է հայ-թրքական «Մարգարա» անցակէտով իրականացած մուտքերու եւ ելքերու գրանցումներու մասին տուեալները: Այս մասին NEWS.am-ը տեղեկացած է ուսումնասիրելով ՀՀ բնակչութեան տեղաշարժերու մասին ՎԿ-ի կայքին մէջ հրապարակուած պաշտօնական ցուցանիշները:
Ըստ այդմ, 2023_- Յունուար- Սեպտեմբեր ամիսներուն հայ-թրքական «Մարգարա» սահմանային անցակէտով Թուրքիայէն Հայաստան  մուտք գործած է ՀՀ անցագիր ունեցող 38, իսկ դուրս եկած է 10 քաղաքացի: Սահմանային գրանցման հաշուեկշիռը կազմած է 28 քաղաքացի: Այս ցուցանիշը ամենայն հաւանականութեամբ կ’արտացոլէ այս տարուան Փետրուարին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն  վերջ յիշեալ անցակէտով մարդասիրական բեռ տեղափոխած հայ վարորդներու, ինչպէս նաեւ Հայաստան վերադարձած մեր փրկարարներուն թուաքանակը:
Նկատենք, որ նախորդ տասնամեակներու ընթացքին Մարգարայի սահմանային անցակէտով մուտքեր եւ ելքեր չեն գրանցուած։
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն մէկ օր անց՝ 8 Փետրուար 2023-ին, ՀՀ Ներքին Գործոց Նախարարութեան փրկարար ծառայութեան որոնողափրկարարական խումբի 27 անդամներ գործուղուած էին Թուրքիոյ Ատըեաման քաղաք եւ մինչեւ 16 Փետրուար մասնակցած էին երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն: Իսկ 11 եւ 15 Փետրուարին ընդհանուր 112 թոն մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած հայկական բեռնատարները հատած էին հայ-թրքական Մարգարա-Ալիճան (Իգտիր) ցամաքային սահմանը եւ մեկնած էին Թուրքիա:
2023 թուականի գարնան Մարգարա գիւղի անցակէտին տարածքը փոխանցուած է ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի տնօրինութեան։ Նկատի առնելով, որ Մարգարա գիւղի նախկին մաքսատան շէնքը շահագործման ենթակայ չէ, Հայաստանի իշխանութիւնները նոր անցակէտ կառուցած են, որուն շինարարական աշխատանքները կը մօտենան աւարտին։
Յիշեցնենք, որ 1993-ին Թուրքիան միակողմանիօրէն փակած էր Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը: Հակառակ ՀՀ իշխանութիւններուն գործադրած դիւանագիտական ջանքերուն, հայ-թրքական սահմանը մինչեւ օրս պաշտօնապէս կը շարունակէ փակ մնալ: