ՍիվիլՆէթին տուած հարցազրոյցին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին ըսած է, որ Հայաստան ու Իրան կրնան աւելցնել «կազ՝ ելեկտրական ուժի դիմաց» ծրագիրին ծաւալները։
«Երկու երկիրներու միջեւ առկայ է կազի գիծ եւ մենք երկու ամիս առաջ երկարաձգեցինք «կազ՝ ելեկտրական ուժի դիմաց» պայմանագիրը: Ատիկա երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ մեծ եւ ռազմավարական քայլ էր: Այդ պայմանագիրին շնորհիւ մենք պիտի կարենանք աւելցնել Հայաստանէն ելեկտրական ուժի ներմուծումը կազի դիմաց, եռապատկել կամ նոյնիսկ քառապատկել անիկա: Շատ լաւ ծրագիրներ ունինք Հայաստանի հետ: Ունինք երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծը, որ յոյսով եմ յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին աւարտին կը հասնի», ըսած է ան։
Դեսպանը յիշեցուցած է, որ նախորդ տարի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը 711 միլիոն տոլար կազմած է։ Ան յոյս յայտնած է, որ այս տարի այդ թիւը մօտ մէկ միլիառի կը հասնի:
«Կայ նաեւ Ագարակ-Քաջարան 32 քիլոմեթրնոց ճանապարհի նախագիծը, որ նոյնպէս ռազմավարական կարեւորութիւն ունի եւ ամենամեծ նախագիծն է, որ կնքուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ իրանական ընկերութիւններու միջեւ։ Մենք միշտ խրախուսած ենք այլ իրանական ընկերութիւններ եւս, որ գան Հայաստան եւ օգտուին Հայաստանի մէջ աշխատանքի լաւ կարելիութիւններէն, այստեղ արտադրեն եւ արտահանեն այլ երկիրներ: Ընդհանուր առմամբ, կրնամ ըսել, որ մեր առեւտրային եւ տնտեսական կապերը զարգացման լաւ աշխուժութիւն ունին եւ մենք վճռականօրէն պիտի շարունակենք այդ ուղին», ըսած է Սոպհանին։