ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի արձագանգը՝ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ ընթացող Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու միատեղ նիստին ընթացքին ատրպէյճանական պատուիրակութեան․ «Երբ կը լսեմ Ատրպէյճանի յայտարարութիւնները, միտքս կու գայ մեծն Քարլ ֆոն Քլաուզեւիցի խօսքերը. «Նուաճողը միշտ խաղաղասէր է. ան կը գերադասէ տիրանալ մեր երկրին առանց հակադրուելու»: Ատրպէյճանի համար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական բռնագրաւումէն բացի, խաղաղութեան այլ տարբերակ ընդունելի չէ։ Դուք դատեցէ՛ք։ Ատրպէյճան կը խօսի խաղաղութեան մասին, բայց ձեռնարկած է չհրահրուած յարձակումի Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, այնտեղ ցեղային զտումներ ու ցեղասպանութիւն իրականացուցած է։
Այսօր՝ Ղարաբաղի մէջ ոչ մէկ հայ կայ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան անդամները՝ երեք նախկին նախագահները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի նախագահը առեւանգուած են ու կը գտնուին Ատրպէյճանի բանտը։ Այս պահուն, երբ ես պատիւ ունիմ դիմելու այս յարգարժան լսարանին, ատրպէյճանական զօրքերը կը գտնուին միջազգայնօրէն ճանչցուած Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ։ Հայաստանի տարածքի մօտ 250 քկմ-ը կը գտնուի ատրպէյճանական բռնագրաւումին տակ։
Ատրպէյճանական կրակէն խաղաղ բնակիչներ ու զինուորական ծառայողներ զոհուած են։ Սահմանամերձ գօտիին մէջ մարդոց կեանքը վերածուած է մղձաւանջի։ Ատրպէյճան յայտարարած է, որ տարածքային պահանջներ չունի Հայաստանէն, բայց դուրս չէ բերած իր ուժերը իմ երկրէն։ Ճիշդ հակառակը՝ ան աւելի պահանջներ ունի Հայաստանէն։ Հայաստանը նոյնիսկ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» անուանած է։ Ատրպէյճան վկայակոչած է 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ կը պահանջէ միջանցք Հայաստանէն, սակայն ան կը մոռնայ, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան աւելի քան 30 տարիէ ի վեր լիակատար շրջափակման մէջ կը պահեն Հայաստանը։ Նոր ճանապարհներ խնդրելէ առաջ պէտք է բանան ճանապարհները։ Ատրպէյճանի նոր տարածքներու ծարաւը չի յագենար 250 քկմ-ով։
Ան նոր տարածքային պահանջներ ունի Հայաստանէն՝ Ալմաթիի հռչակագիրին շատ ընտրովի իր մեկնաբանութեան պատճառով։ Հայաստան յայտնուած է Ատրպէյճանի նոր յարձակումի սպառնալիքին տակ։ Հայաստանի հետ սահմանին կուտակուած զօրքը, թրքական զինուած ուժերու հետ յաճախակի զօրավարժութիւնները եւ թշնամական հռետորաբանութիւնը իմ խօսքերուն ապացոյցն են։ Ատրպէյճանի ախորժակը մեղմելու եւ Հայաստանի դէմ նոր յարձակում կասեցնելու համար Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովը պէտք է յստակօրէն ընդգծէ, որ չի հանդուրժեր Ատրպէյճանի յարձակողական պահուածքը։ Ատրպէյճան պէտք է դուրս բերէ իր ուժերը Հայաստանէն, վերացնէ Հայաստանի շրջափակումը, ազատ արձակէ բոլոր գերիներն ու պատանդները եւ վերադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական կարգավիճակի շուրջ քաղաքական բանակցութիւններու։ Եւրոնեսթը պէտք է շատ յստակ ըլլայ այս հարցով եւ անհրաժեշտութեան պարագային նոյնիսկ քննարկէ Եւրոնեսթէն Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը կասեցնելու հարցը»։