Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 16 Նոյեմբերին որդեգրած է Միչիկընը ներկայացնող ծերակուտական Կերի Փիթըրզի հեղինակած` «Հայկական Պաշտպանութեան Հռչակագիր» օրինագիծ, որուն նպատակն է 2024 եւ 2025 թուականներուն համար չեղեալ նկատել «Ազատութեան Աջակցութեան Հռչակագիր»-ի 907-րդ յօդուածի ամէնամեայ չեղարկման նախագահական ընթացակարգը եւ որուն շնորհիւ Ատրպէյճան պիտի զրկուի ամերիկեան զինուորական օժանդակութենէն: Այս քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, հայ համայնքի, վերջինիս քոնկրեսական բարեկամներու, Միացեալ Նահանգներ բնակող այլ ժողովուրդներու համայնքային կազմակերպութիւններու շարունակապէս աճող հասարակական եւ քաղաքական երկարատեւ ճնշման շնորհիւ:

Մեկնաբանելով օրինագիծին որդեգրումը` Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտական Փիթըրզին իր առաջնորդութեան համար եւ կ՛ողջունենք Ծերակոյտին կողմէ օրինագիծի որդեգրումը` իբրեւ Արցախի ցեղասպանութեան համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելուն եւ Հայաստանի նկատմամբ նոր յարձակումը զսպելուն ուղղուած առաջին քայլ: Իր կարգին, նախագահ Պայտընը, հաշուի առնելով իր դերը Արցախի ցեղային զտման հոլովոյթին մէջ Ատրպէյճանը զինելու գործին մէջ, այս պահուս պէտք է շատ աւելին ընէ, քան պարզապէս ազդարարէ Միացեալ Նահանգներու գործող օրէնսդրութեան կիրարկման պատրաստակամութեան մասին, օրինակ` Միացեալ Նահանգներ կրնան առաջնորդել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ` հաստատելու միջազգային լիազօրութիւն, որ պիտի ապահովէ հայութեան անվտանգ եւ կայուն վերադարձ Արցախ»:

Օրինագիծի ներկայացման ժամանակ ծերակուտական Փիթըրզ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակումը` սկսած շուրջ 10-ամսեայ շրջափակումէն մինչեւ 19-20 Սեպտեմբերի զինուորական յարձակում: Վկայակոչելով այն, որ նախագահ Պայտըն, Ատրպէյճանի շարունակապէս աճող յարձակողապաշտութեան պարագային, չէ դադրեցուցած վերջինիս տրամադրուող օժանդակութիւնը, Փիթըրզ Ծերակոյտի իր գործընկերները յորդորած է գործել ըսելով. «Եթէ մենք քայլերու չձեռնարկենք, երբ երկիրները դիտաւորեալ կերպով կ՛անտեսեն իրենց հետ մեր համաձայնագիրներու պայմանները, մեր համաձայնագիրները իրականութեան մէջ անիմաստ եւ անատամ պիտի դառնան: Ես իմ գործընկերներուս կոչ կ՛ուղղեմ` ինծի միանալու Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար, գործադրելու մեր համաձայնութիւնները եւ չհրահրուած յարձակումի պայմաններուն մէջ կանգնելու հայ ժողովուրդի կողքին»:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, հայ համայնքին գործօն մասնակցութեամբ, պիտի շարունակէ աշխատանքը «907-րդ բանաձեւ»-ի ամբողջական կիրարկումը ապահովելու համար` խրախուսելով Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան մէջ անյապաղ որդեգրումը երկու օրինագիծերու, որոնք կ՛արգելակեն Միացեալ Նահանգներու զինուորական օժանդակութիւնը Ազրպէյճանին, ամբողջութեամբ չեղեալ նկատելով «907-րդ բանաձեւ»-ի շրջանցման նախագահական լիազօրութիւնները:

Ներկայացուցիչներու տան մէջ գտնուող օրինագիծերու նախագիծերով նաեւ կ՛առաջարկուի ընդլայնել Հայաստանին տրամադրուող մարդասիրական եւ զինուորական օժանդակութիւնը` ի պատասխան Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումին, ինչպէս նաեւ օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան: