ԵԱՀԿ խորհրդաժողովի աշնանային նստաշրջանի երէկուան նիստին Միջազգային-իրաւական հարցերու ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան յայտարած է.«Երբ Ատրպէյճան յարձակողական պատերազմ սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ, մենք բախեցանք՝ մարդկային տառապանքներու, խոշտանգումներու, անմարդկային վերաբերմունքի, գերեվարման եւ բռնի անհետացման, անյայտ կորածներու, գերիներու եւ խաղաղ բնակիչներու սպանութիւններու, իրենց տուներէն զրկուած տասնեակ հազարաւոր մարդոց զրկանքներու տխուր իրողութիւններու հետ»։ Ըստ ՀՀ Ազգային ժողովին, ան շեշտած է, որ աւելի քան մէկ ամիս առաջ ականատես եղանք Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան զանգուածային տեղաշարժին դէպի Հայաստան: «Մենք ունինք շատ ու շատ հակամարտութիւններ, որոնք բռնկած են երկրագունդի տարբեր կէտերուն մէջ, իսկ սառած հակամարտութիւններ պայթած են եւրոպական մայրցամաքի ու այլ վայրերու մէջ: Այս բոլորը մեզ շատ կ’անհանգստացնեն եւ փորձութեան կ’ենթարկեն միջազգային իրաւական կարգը՝ տեսնելու, թէ ի՛նչ կարելի է ընել այս հակամարտութիւնները լուծելու համար», ընդգծած է Եղիշէ Կիրակոսեան: Անդրադառնալով ընկերային ցանցերու վրայ հնչող ատելութեան խօսքին՝ Կիրակոսեան անթոյլատրելի համարած է զանոնք՝ շեշտելով անոնց աղիտալի հետեւանքները։ ՀՀ ներկայացուցիչը խօսած է նաեւ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման ու անոր հետեւանքով ստեղծուած մարդկային ճգնաժամին մասին՝ ընդգծելով, որ այդ բոլորը յանգեցուցին ցեղային զտումի։