Համացանցի վրայ ներկայացուող «Դրօշակ» պարբերականի նոր թիւը ունի թեմաթիկ (բներգական«Գ.») բնոյթ՝ անիկա ամբողջովին նուիրուած է Սփիւռքի հիմնահարցերուն, վերակազմակերպումին եւ զարգացման հարցերուն, ինչպէս եւ Հայրենիք-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն, ընդհանուր ռազմավարութեան ու նպատակներուն։ Յօդուածներու հեղինակները, ըլլալով Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն, կլոր սեղանի շրջանակով տեսակէտներ յայտնած են առաջադրուած հարցերուն մասին, կարծիքներ կը ներկայացնեն այլ հեղինակներու տեսակէտներուն շուրջ։
Կլոր սեղանի ձեւաչաձով այս քննարկումը տեղի ունեցած է որոշակի ժամանակահատուածի մէջ եւ սկիզբ առած է այն ժամանակ, երբ տակաւին տեղի չէր ունեցած Արցախ բռնագրաւելու եւ հայաթափելու ցեղասպանական գործողութիւնը։ Համարի լոյս ընծայումէն առաջ խմբագրակազմը անդրադարձած է այս իրողութեան եւ որոշած է եղած յօդուածները լոյս ընծայել այնպէս ինչպէս կան, երբ մասնաւորապէս, հրապարակուած նիւթերուն մէջ, բնականօրէն, կը բացակային մեծ ողբերգութեան արձագանքները։
Ձեռնամուխ ըլլալով այս նախաձեռնութեան, պաշտօնաթերթի խմբագրակազմը նկատի ունեցաւ կուտակուած հիմնահարցերը եւ կ’ակնկալէ, որ սկսելով այս համազգային նշանակութեան խօսակցութիւնը կրնայ խթանել անոր ծաւալումին եւ արդիւնաւէտ լուծումներու որոնումին։ Տարբեր մայրցամաքներ ու երկիրներ ներկայացնող յօդուածներու հեղինակները կուսակցական եւ ոչ-կուսակցական մտաւորականներ են, մտորումներով բաժնեկցած է նաեւ հոգեւոր դասու ներկայացուցիչը։ Բոլոր այս յարգարժան անհատները կարելիութիւն ունեցած են ազատօրէն ներկայացնելու իրենց արժեւորումներն ու տեսակէտները։
«Դրօշակի» խմբագրակազմը կ’ակնկալէ, որ սկիզբ առած խօսակցութիւնը կ’ունենայ շարունակութիւն՝ ներգրաւելով հայրենի եւ սփիւռքահայ այլ անուանի մտաւորականներն ու գործիչները, որոնց տեսակէտներուն համար յառաջիկային եւս պաշտօնաթերթը սիրով պիտի տրամադրէ իր ամպիոնը։