Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներուն 30 Նոյեմբերին նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին Իջեւանի ու Ղազախի հատուածին վրայ ։
Այս մասին յայտնեցին ՀՀ փոխվարչապետ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն։
Աւելի ուշ Հայաստան Ատրպէյճանին առաջարկած էր սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպում կատարել հայ-ատրպէյճանական սահմանին։ Այնուհետեւ յայտնի դարձաւ, որ հանդիպումին մասին կողմեր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են. անիկա տեղի պիտի ունենայ 30 Նոյեմբերին։