Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պասսամ Սապպաղ Ռուսիոյ նախագահին Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու անձնական ներկայացուցիչ Միքայէլ Պոկտանովի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ֆերշենէնի հետ խորհրդակցեցաւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն, Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան գրոհին եւ լիբանանեան ու սուրիական հողերու վրայ իրարայաջորդ յարձակումներուն շուրջ։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Այման Սուսանի եւ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Պաշշար ալ-Ճաաֆարիի ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին, կողմերը խորհրդակցեցան մէկուկէս ամիսէ ի վեր Պաղեստինի ժողովուրդին ուղղուած Իսրայէլի աննախընթաց թշնամանքին։
Սապպաղ շեշտեց Իսրայէլի յարձակումներու դադրեցումն ու Պաղեստինի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւններ հասցնելու անհրաժեշտութիւնը, մերժելով պաղեստինեան դատը վերջնականապէս թաղելու իսրայէլեան փորձերը։
Հանդիպումի մասնակիցները կարեւոր համարեցին ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ շրջանակներու մէջ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ գործակցութիւնը։ Անոնք  վերահաստատեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ միասնական աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը, շեշտելով Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ սուրիական հողերէն օտար, ապօրինի ուժերու դուրս բերման կարեւորութիւնը։