ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն մեծամասնութիւնը քուէարկեց ի նպաստ բանաձեւի մը, որ կը պահանջէ Իսրայէլէն սուրիական գրաւուած Կոլանէն դուրս գալ մինչեւ 4 Յունիս 1967-ի գիծը, գործադրելով այս հարցին առնչուող Անվտանգութեան Խորհուրդին որոշումները։

Անդամները մեծամասնութեամբ, 91 պետութիւն, քուէարկեցին ի նպաստ «Սուրիական Կոլան» բանաձեւին եւ մերժեցին իսրայէլեան ուժերուն գոյութիւնը Կոլանի մէջ, մինչ 62 պետութիւն չընդունեց քուէարկել։

Իր կարգին ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ պատուիրակութեան երեսփոխանական բանբեր դոկտ. Հաքամ Տանտի շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ բանաձեւին, շեշտելով իրենց հաւատարմութիւնը միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի պայմանագիրին, մեկնելով հողերը բռնագրաւելու եւ ժողովուրդը բռնատիրութեան ենթարկելու մերժման սկզբունքներէն։