29 Նոյեմբերին, Կազզայի մէջ զինադադարի ժամանակաւոր համաձայնութեան վեցերորդ օրը, իսրայէլեան ուժեր երկրորդ անգամ խախտելով զինադադարը կրակ բացին պաղեստինցի քաղաքացիներու վրայ, երբ անոնք կը փորձէին վերադառնալ Կազզայի հարաւարեւմտեան բաժինի Թէլ Հաուա շրջան՝  իրենց վնասուած բնակարաններուն վիճակը ստուգելու եւ անհրաժեշտ իրեր վերցնելու: Կրակոցներուն հետեւանքով պաղեստինցի մը վիրաւորուեցաւ: