29 Նոյեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի 2023-ի վերջին նիստը։

Նիստին քննարկուած է Պաղեստինի Կազայի հատուածին, ինչպէս նաեւ Կովկասի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքին»:

Նիստի օրակարգին վրայ եղած են նաեւ Թուրքիոյ կողմէն ահաբեկչական ճանչցուած խմբաւորումներու դէմ իրականացուող գործողութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: