Նախորդ դարու քսանական թուականներուն, երբ հայ ժողովուրդը անտէր եւ անտիրական, համտեսելէ ետք քսաներորդ դարու մեծագոյն ոճիրի դառնութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր կորսնցուցած իր հայրենիքի անկախութիւնը, ոտքի կանգնելու համար պէտք ունէր մեծ թափի եւ մղիչ ուժի մը. ահա այդ օրերուն էր որ ծնունդ կ՛առնէր, մեծ հայերու շրջանի մը ջանքերով, հայու կեանք տուող ու պահող, հայերը համախմբող մեծ միութիւն մը, որ մկրտուեցաւ արժանաւորապէս՝ Համազգային Հայ Կրթական Ընկերակցութիւն անունով: Այս կը պատահէր 1928 թուականին: Աւելի ուշ դարձաւ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն։

Սոյն միութեան գլխաւոր նպատակն էր փոխանցել հայ ժողովուրդին հայրենասիրութեան հոգին եւ պահել հայ մշակոյթը։ Մշակոյթ ըսելով կը հասկնանք դպրոց, լեզու, գիր, գրականութիւն, երաժշտութիւն, պարարուեստ, թատրոն…..այդ նպատակին համար բացուեցան վարժարաններ, ճեմարաններ, երաժշտանոցներ, հիմնուեցան թատերական խումբեր, պարախումբեր, բացուեցան տպարաններ։ Հայուն երգը սկսաւ կրկին լսուիլ, հայուն գիրքը սկսաւ կրկին կարդացուիլ, հայուն պարն ու թատրոնը սկսան կրկին բարձրանալ բեմերու վրայ:

Ասկէ երեսունհինգ տարի առաջ, հայ մշակոյթը պահելու գերագոյն նպատակէն մղուած, Քեսապի մէջ խումբ մը մշակութասէր հայորդիներ վարակուած Շանթերու, Աղբալեաններու, Օհանջանեաններու, Իփէկեաններու մտահոգութենէն, ունեցան մեծ տեսլականը հիմնելու Քեսապի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան մասնաճիւղը: Քեսապն ալ իր կարգին ունեցաւ թատրոն, երգչախումբ եւ պարախումբ։

Համազգայինի 95-ամեակի եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակի սոյն յոբելենական հանդիսութիւնը առիթ մըն է ցնծութեան: Յոբելենական տարեդարձները առիթ են ըլլալու խթան, դրդող ազդակներ ինչպէս որեւէ միութեան, այնպէս ալ Համազգայինի պատասխանատուներուն եւ մեր բոլորին, շարունակելու սկսուած նուիրական գործը, շարունակելու արար աշխարհին ներկայացնել հայուն երգն ու պարը, բայց մանաւանդ շարունակելու ընթերցել տալ մեր փոքրերուն եւ երիտասարդներուն հայ գիրը, հայ գրականութիւնը եւ սորվեցնել հայկական քաղցրահունչ մեղեդիներն ու շարականները։

Սրտաբուխ մաղթանքս եւ աղօթքս է առ Աստուած, որ սոյն Համազգայինը մնայ անսասան եւ ապառաժի մը պէս ամուր, որպէսզի միշտ վառ պահէ համայն հայութեան սրտին մէջ սէրը հանդէպ հայ մշակոյթին, որովհետեւ մշակոյթը մեր ապագայի յենարանն է եւ գրաւականը գալիք 50 եւ 100-ամեակներուն:

Համազգայինի գործուն եւ աշխոյժ անդամ-անդամուհիները իրենց նուիրումի, ծառայութեան եւ անձնուրաց հոգիով պիտի դիմագրաւեն ամէնօրեայ մարտահրաւէրները՝ տօնելու համար նորանոր ամեակներ:

Այս առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք Համազգայինի մեծ ընտանիքին հիմնադրութեան 95-ամեակը՝ մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ հայապահպանման գործին մէջ: Նոյնպէս կը շնորհաւորենք մեր Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը։ Կը մաղթենք անոր ոսկեայ եւ ադամանդեայ յոբելեաններ ու նորանոր յաջողութիւններ եւ բարգաւաճում:

Կեցցէ՛, յաւէտ կեցցէ՛ Համազգային այս միութիւնը եւ անոր հայրենասէր ու մշակութասէր ջահակիրները:

Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան
Ժողովրդապետ`
Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ
Քեսապ, 8 Դեկտեմբեր 2023