Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատի հետ։ Կողմերը խորհրդակցեցան պաղեստինեան իրավիճակին, յատկապէս Կազզայի շուրջ եւ դատապարտեցին Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ իրագործուած իսրայէլեան եւ արեւմտեան իրարայաջորդ յարձակումները, որոնց հետեւանքով 20․000 քաղաքացի նահատակուեցաւ, մեծամասնութիւնը՝ փոքրեր եւ կիներ։

Նախարարները յայտնեցին, որ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսի Թեհրան վերջին այցելութիւնը արդիւնաւէտ էր, շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնները եւ փոխըմբռնման յուշագիրները գործնականացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ երկու ժողովուրդներուն վրայ։